«Սփորթց Մանիա»-ի կողմէ կազմակերպուած «Պանքօ» պասքեթպոլի մրցաշարքը Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` «Իհթիմատ Լուպնանի» եւ «Սոսիեթէ Ժեներալ» դրամատուներուն միջեւ:
«Իհթիմատ Լուպնանի» տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին` յաղթելէ ետք իր մրցակիցին` 71-38 արդիւնքով:
Այս մրցումին ներկայ գտնուեցան մեծաթիւ համակիրներ, որոնց կարգին` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք:
Լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացաւ Ճիորճիօ Մելքի («Սոսիեթէ Ժեներալ»), լաւագոյն մարզիչը` Ռապիհ Ֆրանսիս («Իհթիմատ Լուպնանի»), լաւագոյն մարզիկը` Մարք Ապտալլա («Իհթիմատ Լուպնանի»), լաւագոյն խմբապետը` Շարպել Ռըզք (Իրաւաբաններու սենտիքայի խումբ):


