Կառավարութեան նիստէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ ազրպէյճանական կողմը կը գործէ հակառակ պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են հանդիպումներու ժամանակ: «Յայտարարուած էր այն մասին, որ լարուածութիւնը պէտք է նուազի, սակայն կը կատարուի ճիշդ հակառակը, եւ ատիկա արդէն օրինաչափութիւն դարձած է», ըսած է ան:
Փոխնախարարին համաձայն, Ազրպէյճան վրդոված է, որովհետեւ յայտարարուած է շատ պարզ բան` հարցի որեւէ լուծում կ՛ենթադրէ, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: «Ազրպէյճանի մէջ անոր շուրջ սկսած է վայնասուն: Սակայն, երբ Պաքուն կասկածի տակ կը դնէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, կը ձեւացնէ, որ մոռցած է` նոյն հիմքով անկախացած են թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, թէ՛ Ազրպէյճանը. ատիկա եղած է դեռ Խորհրդային Միութեան օրօք», նշած է Քոչարեան, ապա աւելցուցած, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումով երկուքն ալ իրաւահաւասար են, իսկ Արցախի մէջ անկախութեան մասին հանրաքուէն աւելի կանուխ տեղի ունեցած է, քան Ազրպէյճանի մէջ: Այնպէս որ, ըստ անոր, իր անհեռանկար քայլերով Ազրպէյճան իր անկախութիւնը կասկածի տակ կը դնէ: «Եթէ անոր համար այդքան սուրբ է տարածքային ամբողջականութիւնը, ապա ո՞ւր անկախացած է», ընդգծած է ան:
Քոչարեան նշած է, որ բանակցութիւնները խանգարողը Ազրպէյճանն է, եւ այնպէս չէ, որ հայկական կողմերը հրաժարած են բանակցութիւններէն: «Հայկական երկու կողմերն ալ հակուած են բանակցութիւններու, բայց եթէ քու հակառակորդդ քեզի կը պարտադրէ, կ՛ըսէ` կա՛մ ամէն ինչ` ինչպէս ես կ՛ուզեմ, կա՛մ պատերազմ, ի հարկէ, այստեղ բնական է` տեղի տալ կարելի չէ», շեշտած է ան:
Ան միեւնոյն ժամանակ յիշեցուցած է, որ բանակցութիւններու հեռանկարին մասին շատ յստակ խօսած են համանախագահները` իրենց բազմաթիւ յայտարարութիւններուն մէջ, որ բանակցութիւններու յառաջընթացին համար անհրաժեշտ է փոխադարձ վստահութիւն: «Ատոր համար անհրաժեշտ է, որ Ազրպէյճան կատարէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները: Երբեք հայկական կողմը չէ խախտած ու չի խախտեր ինչ որ եղած է գաղտնի սեղանի շուրջ: Խախտողը գիտենք ով է, միշտ Ազրպէյճանն է, որովհետեւ այն, ինչ որ կը խօսուի բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, ատկէ ետք ան լրիւ այլ բան կ՛ըսէ», նշած է Քոչարեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ համանախագահներու առջեւ բարձրացուցա՞ծ են այն հարցը, որ Ազրպէյճան կը խախտէ պայմանաւորուածութիւնը, փոխնախարարը պատասխանած է. «Ի՞նչ կը նշանակէ` բարձրացնել բան մը, որ անզէն աչքով կ՛երեւի, առաւել եւս` համանախագահներուն համար»:
Ան աւելցուց, որ ապրիլեան պատերազմը լուրջ ազդեցութիւն ձգած է նաեւ միջնորդներու մօտեցումներուն վրայ, ինչ որ կ՛երեւի անոնց վերջին յայտարարութիւններուն մէջ:


