Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաբլոյեան. «Մեր Նպատակն Է Արցախցիներուն Համար Ապահովել Խաղաղութիւն Եւ Բարեկեցութիւն»

October 27, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան 26 հոկտեմբերին ընդունած է Մեքսիքա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղեկավար Պլանքա Մարկարիթա Քուաթա Տոմինքեսի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները:

Ողջունելով հիւրերը` Արա Բաբլոյեան կարեւոր նկատած է Լատին Ամերիկայի երկիրներուն եւ մասնաւորապէս Մեքսիքայի հետ սերտ համագործակցութեան հաստատումը:

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը գոհունակութիւն յայտնած է երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ բարեկամական խումբերու կազմութեան գծով` նշելով, որ անոնք իրենց արդիւնաւէտ գործունէութեամբ կրնան նպաստել ո՛չ միայն միջխորհրդարանական, այլ նաեւ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման:

Խորհրդարանի նախագահը գնահատած է բարեկամական խումբի անդամներուն այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութիւն` ատիկա նկատելով լաւ կարելիութիւն` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու տիրող կացութեան եւ կապ հաստատելու արցախցիներուն հետ: Այս պարունակին մէջ Բաբլոյեան նշած է. «Այցելութիւնը լաւագոյն ձեւն է համոզուելու, որ արցախցիները կը ձգտին խաղաղութեան հաստատման: Մենք խնդիր չունինք ազրպէյճանցի ժողովուրդին հետ. մեր նպատակն է արցախցիներուն համար ապահովել խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն»:

Արա Բաբլոյեան շեշտած է միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ Մեքսիքա-Հայաստան բարեկամական խումբի այցելութիւնը լաւ սկիզբ է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժացման եւ զանոնք նոր հարթութիւն տեղափոխելուն:

Պլանքա Մարկարիթա Քուաթա Տոմինքես շնորհակալութիւն յայտնած է հրաւէրին ու ջերմ ընդունելութեան համար` նշելով. «Մեր այցելութիւնը երկու ազգերուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու փափաքի վառ ապացոյցն է: Բարեկամական խումբերը կրնան նպաստել քաղաքականութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման: Մենք եկած ենք ընկերութեան ու համագործակցութեան նոր ուղիներ բանալու եւ պատրաստ ենք քննարկելու փոխշահաւէտ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր առաջարկները»:

Խօսելով Արցախ կատարած այցելութեան մասին` ան ընդգծած է. «Մեքսիքան կը յարգէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը»:

Հանդիպման աւարտին պատուիրակութեան անդամները Արա Բաբլոյեանին ներկայացուցած են Հայաստանէն եւ Արցախէն իրենց ունեցած տպաւորութիւնները:

 

Նախորդը

Շարմազանով. «Արցախը Ոչ Մէկ Կապ Ունի Ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան Հետ»

Յաջորդը

«Յայտարարութիւնը, Որ Արցախը Չի Կրնար Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ըլլալ, Պաքուի Մէջ Վայնասուն Յառաջացուցած Է» Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.