Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով. «Արցախը Ոչ Մէկ Կապ Ունի Ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան Հետ»

October 27, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

26 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի հերթական նիստը, որմէ ետք ՀՀԿ-ի բանբեր Էդուարդ Շարմազանով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ քննարկուած է յառաջիկայ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ՀՀԿ-ի մասնակցութեան հարցը: Ներկայ դրութեամբ ՀՀԿ-ն ունի 60 համայնքի ղեկավարի թեկնածու, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը ունի 6, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 3 եւ 39 անկուսակցական թեկնածուներ: Ըստ Շարմազանովի, թեկնածուները բազմազան չեն:

Շարմազանով նաեւ անդրադարձած է մեքսիքացի երեսփոխաններուն Արցախ տուած այցելութեան լոյսին տակ Ազրպէյճանի մէջ ծագած աղմուկին: «Իմ մեքսիքացի պաշտօնակիցներս չեն անհանգստացած Ազրպէյճանի մէջ տիրող ջղագարութեամբ: Անոնք շատ լաւ գիտէին, թէ ո՛ւր կ՛երթային: Արցախի մէջ մենք շատ բարձր մակարդակի հանդիպումներ ունեցած ենք Արցախի քաղաքական իշխանութեան հետ: Իմ կողմէս ուղղուած էր հրաւէր, որ անոնք այցելեն Հայաստան, որմէ ետք առաջարկեցինք տեսնել Արցախը, ընկերացանք անոնց դէպի Արցախ: Մեքսիքացի խորհրդարանականները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան Արցախէն, ու անոնք լաւապէս հասկցան, որ Արցախի մէջ կը զարգանայ ժողովրդավարական, անկախ պետութիւնը», դիտել տուած է Շարմազանով:

Ան նաեւ խօսած է ժընեւեան հանդիպումէն ետք Ազրպէյճանի կողմէ տարածքային ամբողջականութեան հարցին կապուած շահարկումներուն. Շարմազանովի համաձայն, այդ յայտարարութիւնները բացառապէս ներքին սպառման համար են, եւ որեւէ ընդհանրութիւն չունին բանակցութեան փաստաթուղթի սկզբունքներուն հետ:

«Բայց եթէ ազրպէյճանցիները կը խօսին տարածքային ամբողջականութեան մասին, ուրեմն պիտի հիասթափեցնեմ զիրենք` հաստատելով, որ Արցախը ոչ մէկ կապ ունի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հետ: Արցախը ո՛չ մէկ օր, ո՛չ մէկ վայրկեան մաս կազմած է Ազրպէյճանին», հաստատած է ան:

Նախորդը

Զախարովա. «Մոսկուան Կ՛ողջունէ Բանակցութիւնները Աշխուժացնելու Պաքուի Եւ Երեւանի Պատրաստակամութիւնը»

Յաջորդը

Բաբլոյեան. «Մեր Նպատակն Է Արցախցիներուն Համար Ապահովել Խաղաղութիւն Եւ Բարեկեցութիւն»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.