Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հայաստանի Երիտասարդ Արուեստագէտներու «Ես Եմ» Ցուցահանդէսի Բացում` Հովանաւորութեամբ Նախարար Նուհատ Մաշնուքի

October 27, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ հովանաւորութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի, երէկ` հինգշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի երիտասարդ արուեստագէտներու «Ես եմ» ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հալա  Հատտատ: Ան ըսաւ, որ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը երիտասարդ ստեղծագործողներու առաջին քայլերուն հաստատուն ընթացք հաղորդելու եւ իրենց գեղարուեստական որոնումներուն ասպարէզ տալու ակնկալութեամբ, ապրիլ 2017-ին նախաձեռնած է «Ես եմ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի իրականացման: Հայաստանի տարբեր  շրջանները ներկայացնող երիտասարդ արուեստագէտներ հանդէս եկած են իրենց ստեղծագործական ներաշխարհով եւ տեսլականով, կերպարուեստի մէկ եւ ընդհանրական լեզուով խորհրդակցելու համարձակ միտումով: Հալա Հատտատ յայտնեց նաեւ, որ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը նպատակայարմար գտած է նոյն ցուցահանդէսը կազմակերպել նաեւ Լիբանանի մէջ եւ այս առիթով ներկայացնել նոյն խումբէն ութ արուեստագէտներ` համոզուած ըլլալով, որ լիբանանահայ արուեստասէր հանրութիւնը մեծապէս պիտի գնահատէ այս նախաձեռնութիւնը եւ իր քաջալերանքով յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ նշեալ արուեստագէտներու ստեղծագործական երթին:

Երիտասարդ արուեստագէտներու խումբէն Լիբանան եկած Գայեանէ Աւետիսեան եւ Արսէն Յարութիւնեան յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին: Գայեանէ Աւետիսեան ըսաւ, որ իրեն համար շատ կարեւոր է պատշաճօրէն ներկայանալի ըլլալ նաեւ սփիւռքի  հայրենակիցներու համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի թէ՛ Երեւանի գրասենեակին, թէ՛ Լիբանանի կառոյցին` յոյս ունենալով, որ կապը սփիւռքի արուեստասէր հասարակութեան հետ շարունակական ըլլայ:

Արսէն Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի բոլոր այն աշխատակիցներուն, որոնք իրականութիւն դարձուցին ցուցահանդէսը Լիբանանի մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ հասարակութեան ջերմ ընդունելութեան համար եւ  մաղթեց, որ անիկա ըլլայ միշտ ամուր եւ կուռ հայապահպանման օճախներուն առումով:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ սրահը կ՛ընդգրկէ երկու աշխարհներ` արուեստի աշխարհ եւ հայ աշխարհ: Հայութիւնը աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ որ գտնուի աչքի կը զարնէ իր  հետեւողականութեամբ, ջանասիրութեամբ, իր կարողութեամբ եւ ձեռք բերած յաջողութեամբ: Ան նշեց, որ ասիկա մեծ յարգանք կ՛ենթադրէ հայութեան, որ ճիգ չխնայեց զարգանալու եւ զարգացնելու Լիբանանը, որովհետեւ հայերը Լիբանանի համար տուին եւ կառուցեցին իրենց լաւագոյնը` իբրեւ օրինապահ քաղաքացի:

Ցուցասրահին մէջ ներկայացուած էին Արման Ասատրեանի, Գայեանէ Աւետիսեանի, Գայեանէ Բարխուդարեանի, Էլմիրա Թումանեանի, Արսէն Յարութիւնեանի, Վահէ Եղեանի, Ռիմա Նանեանի եւ Նուշիկ Պետրոսեանի 82 արուեստի գեղեցիկ գործեր:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 11 նոյեմբեր 2017, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

 

Նախորդը

Զարմինէ Զէյթունցեան Եւ Արա Խզմալեան` «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Ձերբակալած Է Համշէնահայ Գործիչ Մը Եւս

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.