Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարան

October 27, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոկտեմբեր 20-ին Կիպրոսի Ազգային առաջնորդարան այցելեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը իր պատուիրակութեամբ: Առաջնորդարանի մուտքին նախարարը դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ  Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի կողմէ, եւ միասնաբար ուղղուեցան դահլիճ, ուր ներկայ էին` թեմի կրօնական դասն ու երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, կառոյցներու, կուսակցութեանց, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, կրթական հաստատութեան պատասխանատուներ, թերթերու խմբագիրներ եւ հրաւիրեալներ:

Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ համայնքին անունով ըսաւ, որ կիպրահայ գաղութը մօտէն կը հետեւի սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն` հեռատեսիլի եւ լրատուական միջոցներէն: Ապա ըսաւ. «Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է ձեզ ընդունիլ մեր յարկին տակ, ձե՛ր յարկին տակ: Մենք գիտենք, թէ դուք որքան հարազատութեամբ կապուած էք կիպրահայ համայնքին: Ուստի անգամ մը եւս ձեզի կը մաղթենք բարի գալուստ` ձեր ընտանեկան յարկը: Կիպրահայ համայնքը իր հոգեւոր եւ ազգային ներկայացուցիչներով մասնակցեցաւ ձեր կողմէ կազմակերպուած Հայրենիք-սփիւռք վեցերորդ համաժողովին: Կ՛ուզենք անգամ մը եւս շեշտել, թէ ուրախութեամբ նկատեցինք, որ հետզհետէ դէպի հայրենիք կազմակերպուող ձեռնարկներուն կ՛աճի սփիւռքէն մասնակիցներուն թիւը: Կը գիտակցինք նաեւ, որ բոլորս միասին կը բաժնենք, բոլորս միասին կը տագնապինք թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի դիմագրաւած խնդիրներով, դժուարութիւններով, եւ որոնց յաղթահարման համար կ՛աշխատինք միասին: Ինչպէս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը բանաձեւեց, հայրենիքի ժողովրդական տագնապը եւ սփիւռքի մաշումը բոլորիս խնդիրն է, եւ մենք համոզուած ենք, որ հայրենիք-սփիւռք համատեղ եւ միասնական աշխատանքներով մենք պիտի յաջողինք յաղթահարել նաեւ այս բարդ հարցերը:

«Օրեր առաջ դուք ներկայ եղաք Եւրոպայի Հայ դատի համագումարին: Կիպրոսը եւս ներկայացուած էր` իբրեւ Եւրոմիութեան անդամ: Հայ դատը պահանջատիրութիւն է ամէն բանէ առաջ, եւ պահանջատիրութիւնը այլեւս ամրագրուած է Համահայկական հռչակագիրով: Մեր պահանջներուն եւ մեր իրաւունքներուն վերականգնման համար մենք կը գիտակցինք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը կարեւոր երաշխիքներ են մեր համազգային երթի յաջողութեան համար:

«Կ՛ողջունենք նաեւ, որ Կիպրոսը, Յունաստանն ու Հայաստանը միասին կը համակարգեն իրենց սփիւռքի խնդիրները: Մենք արդէն սփիւռքի հետ աշխատելու մեր փորձառութիւնը կը միջազգայնացնենք այս ձեւով: Եւ պատահական չէ,  որ այս երեք երկիրները իրարու քով եկած են եւ իրարու հետ կը համադրեն այս աշխատանքները, անոնք պատմականօրէն ունին շատ ընդհանրութիւններ եւ հասարակ յայտարարներ: Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ ձեզի ուժ եւ կորով պարգեւէ` առաւել եւս նպատակուղղուած թափով դէպի հայրենիք ուղղելու աշխարհատարած հայութիւնը», եզրափակեց սրբազանը:

Սփիւռքի նախարարը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն հայրենիքի հանդէպ իրենց ցուցաբերած հոգածութեան եւ կապուածութեան համար եւ շեշտեց սփիւռքի ներդրումի կարեւորութիւնը` հայրենիքի բարգաւաճման, զարգացման եւ հզօրացման ոլորտներուն մէջ: Ապա լայն կերպով անդրադարձաւ սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքներուն: Պետական ներկայացուցիչը իր սրտի խօսքը ըսելէ ետք, ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու եւ լուսաբանութիւններ տրուեցան նախարարին կողմէ: Անկէ ետք յիշատակի լուսանկարներ առնուեցան:

Արժէ յիշել, որ նախարարն ու պատուիրակութիւնը, սրբազան հայրն ու պետական ներկայացուցիչը կէսօրին ճաշի պաշտօնական հիւրն էին Կիպրոսի փոքրամասնութեանց նախարար Ֆոթիս Ֆոթիուի:

 

Նախորդը

Գաղտնի Գործակալներ Կը Ներշնչեն Ժապաւէններ

Յաջորդը

ՀՕՄ-ը Նեցուկ Կը Կանգնի «Ընտանեկան Բռնութեան Կանխարգիլման» Օրինագիծին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.