Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բնականաբար շարժապատկերի արուեստին մէջ տարածուած երեւոյթ է վիպականացնել գաղտնի գործակալներու, լրտեսներու կեանքն ու գործունէութիւնը: Թէեւ հանդիսատեսներուն համար յաճախ հաճելի ժամանց, երբեմն ալ վայելք կը դառնայ ատիկա, սակայն պարզ է, որ լրտեսին իսկական էութիւնը պատմութեան համար չի պահպանուիր:
Յատկանշական օրինակ մըն է Մաթա Հարին:
Պարուհին, որ դարձաւ գաղտնի գործակալ, կը մնայ առեղծուած` մահէն 100 տարի ետք: Ան տուաւ գրաւիչ կին լրտեսի գաղափարը, ներառեալ` 007: Այս մասին «Պի.Պի.Սի.»-ի մէջ գրած է Նիքոլաս Պարպըրը:
Ո՞Վ Էր Իսկական Մաթա Հարին
Ճիշդ դար մը անցած է այն օրէն, երբ Ֆրանսայի մէջ մահապատիժի ենթարկուեցաւ Մաթա Հարին, որ մեղադրուած էր Գերմանիոյ համար լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով: Այլ խօսքով, ճիշդ հարիւր տարի առաջ իբրեւ առասպել վերածնաւ հոլանտացի պարուհին:

Անոր առաջին կենսագրութիւնը լոյս տեսած է 1917-ին, անոր մահէն քանի շաբաթ ետք, եւ այդ ժամանակէն ի վեր ան եղած է 250 կենսագրականներու եւ վէպի առարկայ, բեմական ցուցադրութիւններու, պատկերասփիւռային հաղորդաշարերու եւ շարժապատկերներու կողքին: Ամէնէն նշանաւոր շարժապատկերը 1931 թուականին պատրաստուածն է` Կրեթա Կարպոյի խաղարկութեամբ:

Բազմաթիւ են այն բոլոր գիրքերը, շարժապատկերները եւ բեմական ելոյթները, որոնք ե՛ւ ուղղակի անոր մասին են, ե՛ւ ներշնչուած անկէ, նոյնիսկ եթէ տարբեր անուններ ունին: Տիսոնըրտ (1931) դերասանուհի Մարլեն Տիթրիչ կը մարմնաւորէ Մաթա Հարիի նման կին մը: Վերջերս պատրաստուած ակադեմական յօդուած մը «Նոթորիըս» եւ «Նորթ պայ ուեսթ» շարժապատկերները կը դասէ իբրեւ «Հիչքոքի Մաթա Հարի ժապաւէններ»` իրենց գործը յաջողութեամբ կատարելու նպատակով սեռական յարաբերութիւն ունեցող լրտես կիներ ներառելուն համար: Իսկ այդ առասպելի վերջին երեւոյթն է յառաջիկայ տարուան «Ռետ սփարրօ» շարժապատկերի ծանուցումի տեսահոլովակը, դերակատարութեամբ Ճենիֆըր Լորենսի` իբրեւ ռուս գործակալի, որ մարզուած է կիներ գայթակղեցնելու եւ սադրելու համար:
Եթէ այս պատկերացումներուն մեծամասնութիւնը խելագար ձեւով սխալ է, կայ որոշ արդարութիւն, այն չափով, որ Մաթա Հարիի կեանքին պատմութիւնը հիւսուած, զարդարուած է, որովհետեւ ան անձամբ ատոնց մէկ մասը ըրած է:
«Ան ստեղծագործութիւն մըն է սկիզբէն մինչեւ վերջ, թատերախաղի մը մէջ` կերպար մը, որ ան անընդհատ կրկնեց», կ՛ըսէ Մաթա Հարիի կենսագիր Փաթ Սիմսընը:
Մաթա Հարի իր անցեալին մասին երկար պատմութիւններ հիւսելու պարտաւոր էր, եւ ասիկա օգնեց, որ ինք վերածուի առասպելական պատկերի. իւրայատուկ մարմնացում մը` սեռային կեանքի, գրաւչութեան, սադրանքի եւ վտանգի: Սակայն ատիկա նաեւ յանգեցուց անոր մահուան` 14 հոկտեմբեր 1917-ին, 41 տարեկանին:
Ատիկա պարտադրանք մըն էր, որ ան ժառանգած էր Հոլանտայի Լիյվորտնէ քաղաքին մէջ գլխարկի խանութ մը ունեցող հօրմէն, Ատամ Զելէն, ծանօթ` իբրեւ` Պարոնը: Հայրը քաջալերած է, որ աղջիկը` Մարկարեթա, ըլլայ իրեն չափ վառվռուն, փայլուն: Բայց անոր շփացած մանկութիւնը կտրուկ աւարտեցաւ դեռահաս տարիքին, երբ ծնողները բաժնուեցան, եւ մայրը մահացաւ: Հարազատներուն հոգատարութեան մնացած Մարկարեթան յաճախեց մանկավարժական հիմնարկ, բայց տարաձայնութիւններ եղան, որ յարաբերութիւններ ունեցած է տնօրէնին հետ: Մարկարեթա վտարուեցաւ, տնօրէնը` ոչ:
Դրամի անհրաժեշտութենէ մղուած` 18 տարեկանին Ամսթերտամի մէջ 1895-ին ամուսնացաւ հոլանտացի 39-ամեայ զինուորի մը հետ: Սակայն հնազանդ կնոջ մը դերը խաղալը անոր համար անկարելի եղաւ: Ի յայտ եկաւ, որ ամուսինը գինեմոլ եւ կնամոլ է: Երբ անոնց միակ տղան մահացաւ , ամուսնալուծուեցան 1902-ին: Գոյատեւելու համար ան անգամ մը եւս պիտի վստահէր իր սեւ աչքերուն, գեղեցիկ տեսքին եւ սեռային գրաւչութեան:
Փարիզ փոխադրուելով` սկսաւ նոր ասպարէզ մը` իբրեւ արձանագործի բնորդ եւ պարուհի, մեծ ժողովրդականութիւն վայելելով մանաւանդ հանրային վայրերու մէջ:

Սակայն բեմին վրայ իր մարմնաւորածը կեանքին մէջ եւս շարունակեց եւ ատիկա եղաւ ճակատագրական: Շրջագայեցաւ բազմաթիւ քաղաքներ: Երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմը սկսաւ, անտրամաբանական չէր, որ Ամսթերտամի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսը անոր առաջարկէ 20 հազար ֆրանք` ֆրանսական գաղտնիքներ գողնալու համար: Աւելի ուշ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւնը Մաթա Հարիի առաջարկեց Ֆրանսայի համար լրտեսել: Մաթա Հարի ընդունեց` անտեսելով այն հանգամանքը, որ նման առաջարկ ընդունած էր թշնամիէն: Կա՛մ բացառիկ խորամանկ էր, կա՛մ ալ շատ միամիտ: Բազմաթիւ ուսումնասիրողներ կը հաւատան, որ ան շատ միամիտ էր:
Թէեւ շատ քիչ բան ըրած էր` իբրեւ իսկական լրտես, սակայն դէպքերը տարբեր ընթացք ունեցան, բացայայտուեցաւ, դատուեցաւ եւ մահապատիժի ենթարկուեցաւ:
Գաղտնի գործակալ մը միշտ հակասական երեւոյթ է: Սակայն Մաթա Հարիի կախարդանքին եւ համբաւին միախառնումը կը բացատրեն, թէ ինչո՛ւ վիպական լրտեսներ պարտական են անոր: Ճէյմս Պոնտը, ըստ էութեան, Մաթա Հարիի տղամարդ տարբերակն է, ոչ միայն զեխ ապրելակերպով, կիներու հետ ունեցած յարաբերութիւններով, այլեւ անզգուշ է` գացած տեղը իր անունը յայտարարելով` «Պոնտ, Ճէյմս Պոնտ», ճիշդ այնպէս, ինչպէս Մարկարեթա կ՛ընէր 100 տարի առաջ:


