Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Եւ Վստահուած Անձերը

October 27, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Երբ խօսքը կը վերաբերի հարստութեան բաժանումին, Ռուսիա աշխարհի ամէնէն անհաւասարակշիռ հիմնական երկիրներէն մէկն է: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն քառորդ դար ետք դրամատիրութիւնը վրէժխնդրութեամբ ժամանեց: Կարգ մը մարդոց եկամուտները զգալի աճ արձանագրեցին, բայց կասկածելի սեփականաշնորհման պատկերները, օրէնքի թոյլ իրավիճակը, բնական աղբիւրներու արտահանումէն կախուածութիւնը եւ քաղաքական ճարպիկութիւնը թոյլ տուին, որ սակաւապետներու փոքր դաս մը ձեռք բերէ երկրի հարստութեան հսկայական մասը:

Միայն իրենք իրենց պարտական` սակաւապետները վերահսկուած են Վլատիմիր Փութինի նախագահութենէն ի վեր: Երկարատեւ ղեկավարը փոխադարձ շահի համաձայնութիւն մը գոյացուցած է. քաղաքականութիւնը ինծի ձգեցէք, աջակցեցէք, երբ որ ձեզի պէտք ունենամ, եւ դուք կրնաք պահել, նոյնիսկ աւելցնել ձեր հարստութիւնը:

Բայց Ռուսիոյ նոր հարստութեան պատմութեան մէկ մասը բացակայ է, ինչ կը վերաբերի Փութինի հարստութեան:

Վերջերս տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով իր ունեցուածքներուն մասին հարցումին, ան արձագանգեց քմծիծաղով եւ հեգնական ժպիտով մը. «Ես չունիմ այն հարստութիւնը, որ ինծի կը վերագրեն»:

Իրականութեան մէջ Ռուսիոյ ղեկավարը հանրածանօթ է ինքզինք «պաշտօնապէս» մաքուր պահելու համար: Սակայն զգալով, որ աւելի մանրամասնութիւններ կան այս պատմութեան մէջ, «Օ.Սի.Սի.Ար.Փի»-ն եւ անոր երկարատեւ գործընկեր «Նովայա Կազեթան» պրպտեցին աւելին իմանալու համար եւ միացուցին Վլատիմիր Փութինի կարգ մը ընկերներու, ընտանիքի եւ ներքին շրջանակի ունեցուածքները:

Այս մարդոցմէ ոմանք կը ղեկավարեն կամ մեծ բաժիններ ունին մեծ ընկերութիւններու մէջ: Ոմանք կապուած են Ռուսիոյ շահութաբեր բնական պաշարներու մարզին: Իրենց տնտեսական յաջողութեան մէկ ընդհանրութիւնը իրենց կապն է նախագահին հետ:

Կայ աւելի փոքր, աւելի խորհրդաւոր խումբ մը` վստահուած անձեր, որոնք յստակ բացատրութիւն չունին իրենց թաքնուած հարստութեան մասին, որ բացայայտուեցաւ լրագրողներու կողմէ:  Անոնք Կը պնդեն, որ իրենք գործարարներ չեն, ծանօթ չեն հանրութեան եւ կարգ մը պարագաներու կ՛ըսեն, որ շատ գաղափար չունին իրենց անուններուն տակ արձանագրուած հարստութեան վերաբերեալ: Նորէն ունին մէկ ընդհանրութիւն. անոնք Փութինի ազգականները կամ մանկութեան ընկերներն են:

Այս վստահուած անձերուն հարստութեան կրնայ տրուիլ պարզ բացատրութիւն մը. անոնց դրամը կրնայ իսկապէս Փութինի դրամը ըլլալ: Բայց Ռուսիոյ մէջ ոչինչ պարզ է:

Քարտէսի Վրայ Դնել Փութինին Ընտանիքը Եւ Ներքին Շրջանակը

Ըստ «Օ.Սի.Սի.Ար.Փի»-ի հաշիւներուն եւ «Ֆորպզ 2017»-ի վարկանիշներուն, Փութինի ներքին շրջանակի` ընտանիքի անդամներ, հին ընկերներ եւ ընկերներ, որոնք ընտանիքի անդամներ դարձած են` հարստութիւնը կը կազմէ մօտաւորապէս 24 միլիառ տոլար: Անոնց ամէնէն յաջող գործերը կապուած են պետականօրէն վերահսկուող քարիւղի կամ` կազի մարզին հետ, կամ այլ պետական ընկերութիւններու:

Այս ցուցակի մէջ երեք հոգի` Միխայիլ Շելլոմովը, Սերգէյ Ռոլտըկինը եւ Փիոթր Քոլպին կը ձեւաւորեն իրենց սեփական նմուշը: Թէեւ անոնք մեծ ունեցուածքներու տէր են, սակայն անոնք հեռու կը մնան հանրութեան աչքէն, կարծես` հիմնականին մէջ տեղեակ չեն իրենց սեփական ընկերութիւններուն մասին եւ դժուարութեամբ կը բացատրեն իրենց հարստութեան աղբիւրներուն մասին: Ասիկա, նախագահին հետ անոնց անձնական կապերուն զուգահեռ, հարց կը բարձրացնէ, որ արդեօք անոնց ունեցուածքները իսկապէս իրե՞նց կը պատկանին, թէ՞ անոնք պարզապէս իրենց վստահուած են:

Նախորդը

«Առաւել Գնահատում Եմ Գրողների Համահայկական 6-րդ Համագումարի Հայահաւաք Նշանակութիւնը, Միասնականութեան Գաղափարը. Խաչիկ Տէտէեան

Յաջորդը

Գաղտնի Գործակալներ Կը Ներշնչեն Ժապաւէններ

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.