
ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը, որ ներկայիս կը գտնուի Մարոք, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի 30-րդ ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Սալայի Պուհզաուի մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ այս մրցաշարքին սկսաւ բաւական տպաւորիչ յաղթանակով մը, այսօր ժամը 21:00 (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` իր դէմ ունենալով քաթարեան Ղարաֆա Սփորթց Քլապը:
Նշենք, որ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներուն Ա. հանգրուանին, ՀՄԸՄ-ի վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ օմանեան Նազուա խումբը, շաբաթ, 28 հոկտեմբերին:
Այսօր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի անպայման յաղթանակ մը արձանագրել, որպէսզի կարելի ըլլայ դիւրութեամբ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը, որ կը սկսի երկուշաբթի, 30 հոկտեմբերին: Կիրակի, 29 հոկտեմբերին հանգիստի օր է:


