Ներկայութեամբ Ռասինկ ֆութպոլի ակումբի պատուոյ նախագահ նախարար Միշել Ֆարաոնի, Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Ռասինկ, այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Էշրեֆիէի իր կեդրոնատեղիին մէջ (Սէյտէ եկեղեցիին դիմաց) կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռասինկ մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնայ 2017-2018 տարեշրջանին ազդանշանը տրուելէն ի վեր իր դէմ իրաւարարներուն կատարած դիտումնաւոր սխալներուն եւ անոնց անարդար վճիռներուն:


