Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստը

October 26, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի «Մուլթի Կրանտ Հոթել» պանդոկին մէջ երէկ տեղի ունեցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը: Նիստին կը մասնակցին Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի վարչապետները:

Նիստին կը նախագահէր Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի  նախագահ Տիգրան Սարգսեան:

Նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ: Ան նախ հանդիպումին կազմակերպման համար շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական կողմին` վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ:

«Արդիւնաւէտ քննարկում էր: Մենք Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ կը ձեւաւորենք ապրանքներու, ծառայութիւններու եւ աշխատուժի ազատ տեղաշարժի կարելիութիւններ: Ատիկա դիւրին աշխատանք չէ եւ կը պահանջէ երկար ու տքնաջան աշխատանք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ընթացիկ տարուան  առաջին կիսուն Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներու միասնական համախառն ներքին արդիւնքը աճած է 1,8 առ հարիւրով, աճը կը վերաբերի բոլոր անդամ երկիրներուն, Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ ապրանքաշրջանառութիւնը աճած է 28 առ հարիւրով, երրորդ երկիրներու հետ արտաքին առեւտուրի շրջանառութիւնը աճած է 26 առ հարիւրով: Սակայն յառաջ երթալու համար կարեւոր է կատարելագործել միութեան իրաւական դաշտը:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան, որ անդրադարձաւ արդիականացման եւ մրցունակութեան չափանիշներուն. «Այսօր գրեթէ կարելի չէ խօսիլ արդիականացման եւ  մրցունակութեան բարձրացման մասին` առանց թուային օրակարգի: Հասկնալի է, որ այս ծաւալուն հարցին լուծման անհրաժեշտ է հասնիլ` հաշուի առնելով տնտեսութիւններու` այդ փոփոխութիւնները ընդունելու ունակութիւնը, առանց գործառնութիւններու համար աւելորդ ծախսերու:

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Խորհուրդին Անդամները

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի անդամները` Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը, Խըրխըզիստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սապար Իսաքովը, Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Անտրէյ Քոպեաքովը, Ղազախստանի Հանրապետութեան վարչապետ Պաքիթժան Սագինթայեւը, որոնք Երեւանի մէջ կը մասնակցին Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, կը յայտնէ Հայաստանի  նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ մամուլի միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է խորհուրդի անդամ երկիրներու վարչապետները եւ վստահութիւն յայտնած, որ Երեւանի մէջ կայացած միջկառավարական խորհուրդի նիստը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ ու պիտի ծառայէ եւրասիական ամբողջականացումը յառաջ մղելուն, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ երկու շաբաթ առաջ Եւրասիական տնտեսական միութեան հերթական վեհաժողովին բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման: Սարգսեան կարեւոր նկատած է խորհուրդի գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած աշխուժ ու արդիւնաւէտ աշխատանքի համար:

 

 

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց «Պաշտպանութեան Մասին» Օրէնքը

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեանը Եւ Քասփրչիքը Քննարկած Են Շփման Գիծին Վրայ Տիրող Իրավիճակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.