Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրպիլ Պաղտատին Կ՛առաջարկէ Անկախութեան Հանրաքուէի Արդիւնքը Սառեցնել Եւ Բանակցութիւններու Սկսիլ

October 26, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ առաջարկեց սառեցնել մարզի անկախութեան շուրջ անցեալ ամիս տեղի ունեցած հանրաքուէին արդիւնքը, անմիջապէս զինադադար հաստատել եւ Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան հետ բաց երկխօսութեան սկսիլ:

Կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեամբ քրտական կողմը Պաղտատին առաջարկած է դադրեցնել կրակոցը, անցնիլ բաց բանակցութիւններու` հիմնուելով Իրաքի սահմանադրութեան վրայ եւ իր կողմէ պատրաստակամութիւն յայտնելով սառեցնել անկախութեան վերաբերեալ հանրաքուէին արդիւնքները:

«Վտանգաւոր կացութիւնը, որուն ենթակայ են  Քիւրտիստանն ու Իրաքը, բոլորէն կը պահանջէ պատմական պատասխանատուութեան տէր ըլլալ եւ հարցերը չմղել իրաքեան ուժերու եւ փեշմերկաներու միջեւ ճակատումի», կը նշէ յայտարարութիւնը` աւելցնելով. «16 հոկտեմբեր 2017-էն մինչեւ օրս իրաքեան ուժերու եւ փեշմերկաներու միջեւ բախումները պատճառ դարձան, որ երկու կողմերէն ալ կորուստներ արձանագրուին, եւ այդ բախումները կրնան հիւծումի պատերազմի առաջնորդել, ուստի նաեւ Իրաքի բաղադրիչ մասերուն միջեւ ընկերային ցանցի քանդումին»:

Քրտական իշխանութիւնները զգուշացուցին, որ երկու կողմերուն միջեւ բախումներէն ոչ ոք յաղթական դուրս պիտի գայ եւ երկիրը պիտի առաջնորդէ ամբողջական քանդումի: «Ուստի մեկնելով Քիւրտիստանի եւ Իրաքի ժողովուրդին նկատմամբ պատասխանատուութեան դիրքէն` իրաքեան կառավարութեան, իրաքեան ու միջազգային հասարակութեան կ՛առաջարկենք հետեւեալը», գրուած է յայտարարութեան մէջ:

Աւելի ուշ, Իրաքի կառավարութենէն աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց, որ Պաղտատ Քրտական մարզի անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքին չեղեալ յայտարարումը կ՛ուզէ եւ ոչ թէ առկախումը:

 

Նախորդը

Իրան Վերաբացաւ Իրաքի Քրտական Մարզին Հետ Պաշմախ Սահմանային Անցքը

Յաջորդը

«Թրքական Բռնագրաւող Բանակին Իտլիպէն Հեռացումը Կը Պահանջենք» Ըսաւ Մըքտատ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.