Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

25 ­Հոկ­տեմ­բեր 1920. ­Հա­յոց բա­նա­կին վեր­ջին յաղ­թա­կան կռիւ­նե­րը՝ ­Սուր­մա­լո­ւի ճա­կա­տին վրայ

October 25, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. Պ.

Հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան, բայց մա­նա­ւանդ 28 ­Մա­յիս 1918ին կեր­տո­ւած ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րեգ­րու­թեան ա­մէ­նէն սեւ օ­րե­րը ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան Հոկ­տեմ­բեր 1920ին, երբ ­Լե­նին-­Քե­մալ սա­դա­յէ­լա­կան զի­նակ­ցու­թիւ­նը ամ­բողջ թա­փով եր­կու կրա­կի մէջ ա­ռաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։

Սեպ­տեմ­բեր 1920ի վեր­ջին օ­րե­րուն քե­մա­լա­կան զօր­քե­րը լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կու­մի ձեռ­նար­կե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի դէմ՝ ա­ռանց պա­տե­րազ­մի պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թեան։ Թր­քա­կան ներ­խու­ժու­մը իր յա­ջո­ղու­թեան գրա­ւը դրած էր Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին տա­կա­ւին ապ­րող թուր­քեւ­մահ­մե­տա­կան տար­րե­րու խռո­վու­թեանց վրայ։

Իր կար­գին ­Լե­նի­նի ­Ռու­սաս­տա­նը ան­ցաւ յար­ձա­կո­ղա­կա­նի։ ­Թէեւ ­Խորհրդա­յին Ռու­սաս­տա­նի լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ ­Լեգ­րան ար­դէն Ե­րե­ւան կը գտնո­ւէր եւ իբր թէ քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան եզ­րե­րու շուրջ կը բա­նակ­ցէր ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ, այ­սու­հան­դերձ՝ թէ՛ ­Կար­միր Բա­նա­կի զօ­րա­բա­ժին­ներ հրա­հանգ ստա­ցան ներ­խու­ժե­լու ­Հա­յաս­տան՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան տա­րածք­նե­րէն, թէ՛ հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րուն խորհր­դա­յին օ­ժան­դա­կու­թիւն հա­սաւ, որ­պէս­զի սաստ­կաց­նեն հայ­կա­կան բա­նա­կը ներք­նա­պէս պա­ռակ­տե­լու եւ ջլա­տե­լու ի­րենց ազ­գա­դաւ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Դառն ու հեգ­նա­կան զու­գա­դի­պու­թեամբ մը, 1920ի աշ­նան, ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կը կ­’ապ­րէր իր լա­ւա­գոյն օ­րե­րը թէ՛ սպա­ռա­զին­ման, թէ՛ հան­րա­պե­տու­թեան ողջ տա­րած­քը հա­կակշ­ռե­լու ա­ռում­նե­րով։ ­Գար­նան բռնկած պոլ­շե­ւի­կեան ­Մա­յիս ­Մէ­կի խռո­վու­թիւն­նե­րը ոչ միայն զսպո­ւած էին, այ­լեւ ա­նո­ւա­նի ֆե­տա­յի­ներ ­Սե­պու­հի եւ Սմ­բա­տի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ գոր­ծող զսպիչ զօր­քե­րը ար­դէն ­Դէ­պի Եր­կիր ար­շա­ւե­լու ծրա­գիր­ներ կը մշա­կէին, որ­պէս­զի ի­րա­գոր­ծէին ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ստեղծ­ման հա­մազ­գա­յին տես­լա­կա­նը։

Ն­ման նպաս­տա­ւոր պայ­ման­նե­րու մէջ գտնո­ւե­լով հան­դերձ՝ ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կը հո­գե­բա­նօ­րէն պատ­րաստ չէր եր­կու թշնա­միի դէմ կռո­ւե­լու, ո­րով­հե­տեւ ­Խորհր­դա­յին Ռու­սաս­տա­նը կրկնա­կի ա­ռու­մով ըն­կա­լե­լի չէր իբ­րեւ թշնա­մի ու­ժի։

Ընդ­հան­րա­պէս Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը (նոյ­նիսկ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րով) կը տա­ռա­պէին հո­գե­բա­նա­կան այդ ներ­քին կաշ­կան­դու­մէն։ ­Նախ՝ ո­րով­հե­տեւ ռուս ժո­ղո­վուր­դին հետ մեծ յոյ­սեր կա­պե­լու ամ­բողջ ա­ւանդ մը ար­մա­տա­ւո­րո­ւած էր հա­յոց ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան մէջ։ Ա­պա՝ ո­րով­հե­տեւ ցե­ղաս­պան թուր­քին դէմ ամ­բողջ էու­թեամբ կռո­ւե­լու պատ­րաստ հայ զի­նո­ւորն ու զի­նո­ւո­րա­կան ղե­կա­վա­րը ի վի­ճա­կի չէին նոյն­պի­սի վճռա­կա­նու­թեամբ ու մար­տու­նա­կու­թեամբ զէնք գոր­ծա­ծե­լու հայ խռո­վա­րար­նե­րու եւ սադ­րիչ­նե­րու դէմ, կը դժո­ւա­րա­նա­յին հա­յու ա­րիւն թա­փե­լու, որ­քան ալ բա­ցա­յայտ ու ան­նե­րե­լի ըլ­լար հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ազ­գա­դա­ւու­թիւ­նը։

Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կի այս ներ­քին կաշ­կան­դու­մը իր ամ­բողջ ող­բեր­գա­կա­նու­թեամբ ի յայտ ե­կաւ ­Հոկ­տեմ­բեր 14-15ին, երբ թրքա­կան զօր­քը հա­սաւ ­Կար­սի մա­տոյց­նե­րուն եւ ա­նա­ռիկ բեր­դա­քա­ղա­քը ի վի­ճա­կի չե­ղաւ ետ շպրտե­լու ներ­խու­ժող թշնա­մին, ո­րով­հե­տեւ դա­սալ­քու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի ջլա­տեց մեր զօր­քին մար­տու­նա­կու­թիւ­նը։

Բայց յու­շա­տետ­րի այ­սօ­րո­ւան է­ջը կը վե­րա­բե­րի ­Հոկ­տեմ­բեր 25ի այն կե­նաց-մա­հու կռիւ­նե­րուն, ո­րոնք մղո­ւե­ցան ­Սուր­մա­լու ճա­կա­տին վրայ եւ պսա­կո­ւե­ցան հայ­կա­կան զօր­քե­րու փայ­լուն յաղ­թա­նա­կով։
Մէկ կող­մէ ռազ­մա­կան նա­խա­րար Դ­րո­յի անձ­նա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ, իսկ միւս կող­մէ զօ­րա­վար ­Սե­պու­հի եւ ա­նոր աջ բա­զու­կը հան­դի­սա­ցող Ս­տե­փան ­Ծա­ղի­կեա­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ կռո­ւող հայ­կա­կան ու­ժե­րը յա­ջո­ղե­ցան կա­սեց­նել եւ յետ մղել թրքա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նը, ինչ որ ա­ւե­լի քան մէկ ա­մի­սով եր­կա­րաձ­գեց ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կեան­քը։
Այս ի­մաս­տով կ’ար­ժէ ­Սուր­մա­լո­ւի ճա­կա­տին վրայ ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կին մղած յաղ­թա­կան վեր­ջին կռիւ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած այս է­ջը փա­կել հա­յաս­տա­նեան կայ­քէ­ջե­րու կող­մէ յա­ճա­խա­կի օգ­տա­գոր­ծո­ւող ար­խի­ւա­յին աղ­բիւ­րի մը փո­խան­ցած վկա­յու­թեամբ։ «Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին օ­րե­րը» («Ան­յայտ Գ­րո­ղի Օ­րա­գի­րը») ա­նու­նը կրող ար­խի­ւա­յին այդ աղ­բիւ­րը հե­տե­ւեալ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րէ Հոկ­տեմ­բեր 1920ի օր­հա­սա­կան այդ օ­րե­րուն մա­սին.

«…Այդ­պի­սի ա­նո­րոշ դրու­թեան մէջ մեր հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը հրա­ման տո­ւեց, որ մեր բա­նա­կը բո­վան­դակ ճա­կատ­նե­րում դի­մի ընդ­հա­նուր յար­ձակ­ման ամ­սի 14ին, ո­րը եւ կա­տա­րո­ւեց նոյ­նու­թեամբ: Այդ օ­րը ա­ռա­ջին ան­գամ լի­նե­լով մեր մօտ 25 հա­զա­րա­նոց բա­նա­կը շօ­շափ­ման մտաւ եր­կու դի­վի­զիոն թուրք կա­նո­նա­ւոր եւ նոյն­քան խու­ժան թշնա­մու հետ եւ նրանց յա­մառ դի­մադ­րու­թիւ­նը կոտ­րե­լով՝ 5 վերստ ետ մղեց, բայց ո­րով­հե­տեւ հա­կա­ռա­կոր­դի դիր­քե­րը իշ­խող էին ու մեր զօ­րա­մա­սե­րը դեռ կա­նո­նա­ւոր չխմբա­ւո­րո­ւած՝ կանգ­նեց­րին ի­րենց ա­ռա­ջին ա­ռաջ­խա­ղա­ցու­թիւ­նը, ո­րից օգ­տո­ւե­լով թշնա­մին հա­կա­յար­ձակ­ման է դի­մում եւ մե­րոնց ետ մղում ի­րենց դիր­քե­րը ու ո­րոշ մա­սե­րում ա­ւե­լի խո­րա­նում մեր ճա­կա­տից ներս:
«Այս փոք­րիկ ան­յա­ջո­ղու­թիւ­նից յե­տոյ մե­րոնք ու­նե­նում են 100ի չափ սպան­նուած եւ վի­րա­ւոր:
«Այդ կռո­ւից պարզ ե­րե­ւաց, որ մեր զի­նո­ւոր­նե­րը չեն կռւում, իսկ հա­կա­ռա­կոր­դը՝ ընդ­հա­կա­ռա­կը: Չկ­ռո­ւե­լով հան­դերձ՝ խմբո­վին դա­սալ­քու­թիւն կար, այն­պէս որ չորս կող­մից ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան խմբակ­նե­րը, որ մէկ-մէկ պա­հա­պան հրեշ­տակ­ներ էին ­Բեր­դա­քա­ղա­քի (­Կարս) հա­մար մաս­նա­ւո­րա­պէս, իսկ ­Հա­յաս­տա­նում՝ ընդ­հան­րա­պէս, տաս­նեակ­նե­րով դա­սա­լիք­ներ էին բե­րում գի­շեր թէ ցե­րեկ:
«­Մարդ ուղ­ղա­կի ապ­շած է մնում. մեր բա­նա­կը հրա­շա­լիօ­րէն հագ­նո­ւած է Անգ­լիա­յից նոր ստա­ցո­ւած հա­գուստ­նե­րով, սպա­ռա­զի­նո­ւած է լաւ, ինչ­պէս եւ պա­րե­նա­ւո­րո­ւած: Ա­պա ին­չո՞ւ չեն կռւում. ի՞նչ է պառ­ճա­ռը: Ա­ռաջ մենք բո­լորս էլ հա­ւա­տա­ցած էինք, որ ե­թէ տաճ­կա­կան ճա­կա­տում ու­նե­նանք մի տա­սը հա­զա­րա­նոց բա­նակ, ա­ռանց այ­լե­ւայ­լու­թեան կը գրա­ւենք ­Տաճ­կա­հա­յաս­տա­նը, բայց այժմ կրկնա­կի են մեր ու­ժե­րը եւ թշնա­մին 15-18 վերս­տի վրայ է, ու մենք դժուա­րա­նում ենք քշել:
«­Հա­յը ծայ­րա­յե­ղու­թեան խա­ղա­լիք է, հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած չէ նրա հո­գին եւ միօ­րի­նա­կու­թեան խորթ. մի փոք­րիկ յաղ­թու­թիւ­նից մեծ յաղ­թա­նակ­ներ է ստեղ­ծում եւ անն­շան պար­տու­թիւն­նե­րից մաս­սա­յա­կան խու­ճա­պի է են­թարկւում:

«Այդ ա­ռա­ջին պատ­ճառն է. երկ­րորդն այն է, որ հա­յը չա­փա­զանց անձ­նա­պաս­տան լի­նե­լով զար­մա­նում է, թէ ինչ­պէս կա­րող է ին­քը կռո­ւի գնալ եւ յաղ­թել, եւ երբ որ այդ­պէս է պա­տա­հում՝ թշնա­մուն, ե­թէ վեր­ջինս նոյ­նիսկ չնչին ուժ ներ­կա­յաց­նի, պատ­կե­րաց­նում է ան­հա­շիւ ու այդ­պի­սով քո­ղար­կում իր խայ­տա­ռակ պար­տու­թիւ­նը: Մեզ հա­մար մեծ բախ­տա­ւո­րու­թիւն էր, որ 14ին թշնա­մին ընդ­հա­նուր հա­կա­յար­ձակ­ման չդի­մեց, այ­լա­պէս կա­րող էր լուրջ վտանգ­ներ ստեղ­ծո­ւել եւ դրու­թիւ­նը ա­ւե­լի եւս բար­դա­նալ:

«­Սե­պու­հը դեռ սկզբից դէմ էր այդ­պէս շու­տա­փոյթ ընդ­հա­նուր յար­ձակ­ման անց­նե­լուն. նրա կար­ծի­քով՝ ճա­կա­տից ե­թէ յար­ձա­կո­ւե­լու լի­նենք, բնաւ չենք յա­ջո­ղի, եւ այդ­պէս էլ ե­ղաւ: ­Նա գտնում էր, որ մեր ու­ժեղ յար­ձա­կում­նե­րը պէտք է կա­տա­րո­ւեն թե­ւե­րից, մա­նա­ւանդ ձա­խից, որ­տեղ մենք ան­պատ­ճառ պէտք է անց­նենք թշնա­մու թի­կուն­քը եւ այդ­պի­սով ստի­պենք նրան թու­լաց­նել կենտ­րո­նը ու ա­պա հա­րո­ւա­ծել նրա կեն­դա­նի ու­ժե­րին: ­Սա­կայն ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը յար­մար էր գտել այլ կերպ ո­րո­շե­լու ընդ­հա­նուր յար­ձակ­ման ծրա­գի­րը»:

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վեր­ջին օ­րե­րը ա՛յս աս­տի­ճան ծանր ու այս­պի­սի՛ հա­կա­սու­թիւն­նե­րով ճնշող ե­ղան։
Բայց այդ բո­լո­րով հան­դերձ՝ ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կը անհ­րա­ժեշտ ու բա­ւա­րար տո­ւեալ­նե­րը ու­նէր վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կով պսա­կե­լու ­Սուր­մա­լու ճա­կա­տին վրայ իր ար­ձա­նագ­րած 25 ­Հոկ­տեմ­բե­րի ռազ­մա­կան յա­ջո­ղու­թիւ­նը եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, ե­թէ իր դէմ չու­նե­նար ­Լե­նին-­Քե­մալ սա­դա­յէ­լա­կան զի­նակ­ցու­թեան տա­րո­ղու­թեամբ մա­հա­ցու թշնա­մի։

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Մավըրիքս Եւ Սանզ Կրեցին Իրենց Չորրորդ Պարտութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – Վիճակագրութիւններու Ընկերութիւն Հանդիպում

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.