Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Եւ Քոսկրով Ընդգծեցին Լիբանանեան-Աւստրալական Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

October 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչ Փիթըր Քոսկրովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահ Աուն եւ Քոսկրով ընդգծեցին լիբանանեան-աւստրալական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը` ապահովելու համար երկու երկիրներուն շահերը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առումով միջազգային ճիգերու մէկտեղումը, ինչպէս նաեւ սուրիական տագնապը լուծելու իմաստով քաղաքական լուծումներու յանգելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին կարեւորութիւնը` պահանջելով, որ Լիբանանը վերածուի կրօններու, քաղաքակրթութիւններու եւ ազգերու միջեւ երկխօսութեան կեդրոնի մը, որ կը վայելէ ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը:

Իր կարգին, Քոսկրով կարեւոր նկատեց լիբանանեան-աւստրալական երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնք խոր հիմքեր ունին եւ ընկերային հզօր կապերու վրայ ստեղծուած են: Ան հաստատեց, որ Աւստրալիա յանձնառու կը մնայ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու առաքելութեան:

Քոսկրով ողջունեց նաեւ Աւստրալիա գաղթած լիբանանցիներուն կարեւոր դերակատարութիւնը երկրին բարգաւաճման առումով:

ՊԸՐՐԻԻ ՄՕՏ

Քոսկրով այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով Աւստրալիոյ մէջ ապրող հարիւր հազարաւոր լիբանանցիները:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի անդրադարձաւ Իսրայէլի կողմէ միշտ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը խախտելու եւ Լիբանանի դէմ ոտնձգութիւններ գործելու քայլերուն, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ օժանդակութիւնը խնդրեց` Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու իմաստով:

Այս շրջագիծին մէջ քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող թղթածրարը:

Նախորդը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն Մասնակցելու Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակ. «Ազրպէյճանական Զինուժը Կիրարկած Է «Սփայք» Տիպի Կառավարուող Հակազրահապատային Հրթիռ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.