Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթալոնիոյ Պաշտօնատարները Պիտի Չենթարկուին Մատրիտի Հրամաններուն

October 24, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթալոնիոյ արտաքին հարցերու բանբեր Ռաուլ Ռոմեւա «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ Քաթալան իշխանութիւնները պիտի չենթարկուին սպանական կառավարութեան հրամաններուն, եթէ Մատրիտ շրջանին վրայ իր վերահսկողութեան հաստատման քայլերու դիմէ:

Քաթալան բարձրաստիճան պաշտօնատարը ըսաւ, որ կեդրոնական կառավարութիւնը քաթալաններու կամքին դէմ կը գործէ:

Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ յայտարարած էր շրջանի կառավարութիւնը լուծարելու եւ անոր խորհրդարանին կարգ մը ազատութիւնները սահմանափակելու ծրագիրներուն մասին: Կը նախատեսուի, որ սպանական ծերակոյտը ուրբաթ օր վաւերացնէ կառավարութեան քայլերն ու Քաթալոնիոյ մէջ արտակարգ շրջանային ընտրութիւններու առաջարկը:

Ռոմեւա յայտնեց, որ Քաթալոնիոյ ժողովուրդը քուէարկած է ի նպաստ անկախութեան, եւ Սպանիոյ կառավարութիւնը պէտք է ատիկա ընդունի:

Մեկնաբանելով Մատրիտի կողմէ ուղղակի իշխանութեան կարելիութիւնը` ան աւելցուց. «Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ այդ կացութեան հետ ապրիլ: Եւրոպական Միութեան երկիրները ինչպէ՞ս կրնան ժողովրդավարութիւնը վերապրիլ եւ անոնք ինչպէ՞ս կրնան հաւաստի ըլլալ, եթէ արտօնեն, որ այդ մէկը տեղի ունենայ: Որովհետեւ այն ինչ որ կրնամ ձեզի ըսել այն է, որ Քաթալոնիոյ ժողովուրդն ու հաստատութիւնները պիտի չարտօնեն, որ ատիկա տեղի ունենայ»:

Նշենք, որ քաթալան պատասխանատուներուն արտաքին միջամտութեան կոչերը անպատասխան մնացած են, մասնաւորաբար Եւրոպական Միութիւնը որդեգրած է այն դիրքորոշումը, թէ ճգնաժամը Սպանիոյ ներքին հարցն է եւ որոշումը անոր կը պատկանի:

 

 

Նախորդը

Քրտական Փոփոխութիւն Շարժումը Պարզանիի Հրաժարականն Ու Ազգային Փրկութեան Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Պահանջէ

Յաջորդը

Իրաքի Քրտական Մարզին Մէջ Նախագահական Ընտրութիւնը Անժամկէտ Յետաձգուեցաւ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.