Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրտական Փոփոխութիւն Շարժումը Պարզանիի Հրաժարականն Ու Ազգային Փրկութեան Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Պահանջէ

Հոկտեմբեր 24, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրտական ընդդիմադիր Փոփոխութիւն շարժումը Իրաքի Քրտական մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանին պատասխանատու նկատեց քիւրտերուն դիմագրաւած հարուածներուն համար, մասնաւորաբար 16 հոկտեմբերին իրաքեան ուժերուն շղթայազերծած գործողութեան պատճառով Քերքուք քաղաքի կորուստէն ետք:

Քրտական Փոփոխութիւն շարժումը պահանջեց, որ մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանին, կառավարութիւնն ու կառավարական կառոյցները հաւաքաբար հրաժարին իրենց գործած «զինուորական ու քաղաքական սխալներուն» պատճառով, ինչպէս նաեւ կառավարման նախագահական համակարգը խորհրդարանականով փոխարինել:

Ընդդիմադիր շարժումի բանբեր Շուըուրշ Հաժի Սուլէյմանիէի մէջ Փոփոխութիւն շարժումի ազգային խորհուրդի ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Քրտական մարզին դիմագրաւած վատ կացութիւնը հետեւանքն է հանրաքուէին վերաբերեալ «ինքնագլուխ որոշումներու»` աւելցնելով, որ Քրտական մարզը աշխարհագրական լայն տարածքներ կորսնցնելու կողքին նաեւ կորսնցուցած է աջակցութիւնը միջազգային ուժերու, որոնք հանրաքուէն յետաձգելու նախաձեռնութիւններ կատարած են, սակայն քրտական ղեկավարութիւնը չընդունեց զանոնք:

Ան յայտնեց, որ քրտական խորհրդարանի պաշտօնազրկուած նախագահ Եուսեֆ Մոհամետ վերադարձած է Էրպիլ եւ երեսփոխանական պլոքներու հետ ներկայ կառավարութեան լուծարման շուրջ կը խորհրդակցի:

Հաժի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն շարժումը այլ ընտրանքներու պիտի դիմէ, եթէ իր պահանջը չընդունուի, սակայն այդ ընտրանքներուն մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդեց:

Փոփոխութիւն շարժումը կը զօրակցի Իրաքի քիւրտերու ինքնորոշման իրաւունքին, սակայն դէմ էր 25 սեպտեմբերին տեղի ունեցած հանրաքուէին` պնդելով, որ անոր ժամկէտը յարմար չէ:

Միւս կողմէ, Քրտական մարզի 32 կողմեր եւ քաղաքական կուսակցութիւններ ժողով մը գումարելէ ետք, քաղաքական ներկայ կացութեան շուրջ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին:

Անոնք շեշտեցին քաղաքական կողմերու միասնականութեան պահպանման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ դատապարտեցին Քրտական մարզին դէմ իրաքեան կառավարութեան որդեգրած զինուորական, քաղաքական եւ տնտեսական միջոցառումները:

Հաղորդագրութիւնը շեշտը դրաւ սահմանադրութեան հիմամբ, առանց նախապայմանի եւ առանց կատարուած իրողութիւններու ստեղծման քաղաքականութեան երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութեան վրայ, եւ մերժեց Քրտական մարզի երկու վարչութիւններու բաժանումը:

Ժողովին մասնակից կողմերը ընդգծեցին, որ կառչած կը մնան անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքին:

 

Նախորդը

Եգիպտոսի Խորհրդարանը Կը Վաւերացնէ Երկրին Մէջ Արտակարգ Դրութեան Հաստատման Որոշումը

Յաջորդը

Քաթալոնիոյ Պաշտօնատարները Պիտի Չենթարկուին Մատրիտի Հրամաններուն

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր  Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ

Դեկտեմբեր 9, 2025
Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ,  Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին  Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»
Միջազգային

Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ, Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»

Դեկտեմբեր 9, 2025
Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը  Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան,  Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»
Միջազգային

Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան, Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?