«Ի. Էս. Փի. Էն.» կը հաղորդէ, որ Պարսելոնա իր արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին պիտի առաջարկէ ցմահ պայմանագրութիւն մը:
Քաթալոնական ակումբի տնօրէն Օսքար Կրաուն նշեց, որ կողմերը նախորդ յունիսին կնքեցին չորս տարուան պայմանագրութիւն մը, թէեւ այս մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը չհրապարակուեցաւ:
«Թէեւ անոր հետ կնքուեցաւ 4 տարուան պայմանագրութիւն մը, սակայն անոր պիտի ներկայացուի ցմահ առաջարկ մը: Կ՛ուզենք, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտէ մեզի հետ», ըսաւ ան:
Ոչ պաշտօնական տուեալներով, Պարսելոնա եւ Մեսսի ցարդ պաշտօնապէս ոչինչ ստորագրած են, եւ յառաջիկայ տարուան ամրան ֆութպոլիստը կրնայ անվճար տեղափոխուիլ այլ ակումբ մը:


