Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քաթալոնիոյ Մէջ Կատարուողը Ուղղակի Յարձակում Է Ժողովրդավարութեան Դէմ» Կ՛ըսէ Փուչտեմոն

October 23, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթալոնիոյ կառավարութեան ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն յայտարարած է, որ իր որոշումներով Մատրիտ յարձակում կը գործէ ժողովրդավարութեան դէմ, եւ Սպանիոյ իշխանութիւններուն քայլերը կրնան բացասական նախադէպ ստեղծել նաեւ այլ երկիրներու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Փրաւտա» կայքը:

«Քաթալոնիոյ մէջ կատարուողը ուղղակի յարձակում է ժողովրդավարութեան դէմ: Սպանիոյ իշխանութիւնները չեն կրնար արհամարհել այն փաստը, որ Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը կազմուած է շատ աւելի առաջ, քան ժամանակակից սպանական սահմանադրութիւնը», ըսած է Քաթալոնիոյ ղեկավարը:

Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը կազմուած է 1932-ին, երբ Սպանիան Քաթալոնիան ճանչցաւ իբրեւ մարզային ինքնավարութիւն: Սպանիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմէն ետք քաթալան քաղաքական գործիչները ենթարկուած են աքսորի: Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը վերականգնած է 1972-ին:

Փուչտեմոն նաեւ աւելցուցած է, որ քաթալան ժողովուրդի գլխուն մեծ վտանգ կախուած է, եւ իրենք պիտի փնտռեն հարցին խաղաղ լուծման ուղիները, որովհետեւ կը հաւատան ժողովրդավարական Եւրոպային, որ պէտք է պաշտպանէ իրենցմէ իւրաքանչիւրը:

Յիշեցնենք, որ Պարսելոնայի բնակիչները անպատրաստից «կաթսաներով ցոյց» կազմակերպած են Քաթալոնիոյ դէմ միջոցառումներու ձեռնարկման մասին Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի յայտարարութենէն ետք:

Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ Մատրիտ կը կասեցնէ Քաթալոնիոյ ինքնավար կառավարութեան լիազօրութիւնները: Սպանիոյ կառավարութիւնը որոշած էր գործարկել երկրի սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածը, որ կ՛արտօնէ սահմանափակել Քաթալոնիոյ ինքնակառավարումը:

Վարչապետ Ռախոյի համաձայն, ինքնավարութիւնը չի սահմանափակուիր, այլ ընդամէնը կը լուծարուի կառավարութիւնը, որ դուրս եկած է օրէնքի սահմաններէն: Ան աւելցուցած էր, որ Սպանիոյ կառավարութիւնը 155-րդ յօդուածը գործարկելու ցանկութիւն ու մտադրութիւն չէ ունեցած, սակայն ստիպուած եղած է այդ քայլին դիմելու:

Յիշեցնենք, որ Քաթալոնիոյ մէջ այժմ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալֆոնսօ Տասթիս «Պի. Պի. Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց, թէ Սպանիոյ կառավարութեան Քաթալոնիոյ վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու քայլը «յեղաշրջում» մըն է` աւելցնելով, որ Քաթալոնիոյ կառավարութիւնն է, որ յեղաշրջումի փորձ կատարած է:

Քաթալոնիոյ խորհրդարանի նախագահ Գարմէ – Ֆորսատել շաբաթ օր սպանական կառավարութեան քայլը «իրողական պետական յեղաշրջում» կոչած էր:

 

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներն Ու Միջազգային Դաշինքը Ռաքքան Ռմբակոծած Են, Ինչպէս Տրեստընը 1945-ին» Կ՛ըսէ Քոնաշենքով

Յաջորդը

Իրաք Կը Դատապարտէ Էրպիլի Մէջ Իրանեան Հիւպատոսարանին Դէմ Կատարուած Յարձակումը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.