
Երէկ` չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբերին, ազդանշանը տրուեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին, երբ բացման առաջին օրը տեղի ունեցան 2 մրցումներ:
Ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Հիուսթըն Ռոքեթցը, պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 122-121 արդիւնքով (35-34, 36-28, 30-26 եւ 20-34) պարտուեցաւ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտին նշանակեց 27 կէտ, մինչ Նիք Եանկ (Ուորիըրզ)` 23 կէտ, իսկ Սթեֆըն Քերի` 22:
Երէկուան երկրորդ մրցումին, Քաւալիրզ, որ Քլիվլենտի մէջ հիւրընկալեց Պոսթըն Սելթիքսը, 102-99 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (29-19, 25-19, 13-33 եւ 30-28): Լեպրոն Ճէյմս (Քաւալիրզ) նշանակեց 29 կէտ:
Այսօրուան յայտագիրը պիտի ըլլայ խճողուած, որովհետեւ տեղի պիտի ունենան 11 ճակատումներ:
Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (սկիզբը նշուած խումբերը հիւրընկալ կազմերն են).
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Ինտիանա Փէյսըրզ – Պրուքլին Նեթց
Օրլանտօ Մեճիք – Մայեմի Հիթ
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Նիւ Օրլինզ
Տալաս Մավըրիքս – Աթլանթա Հոքս
Եութա Ճեզ – Տենվըր Նակեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Հիուսթըն Ռոքեթց


