Ինտոնեզիական Փերսելա ֆութպոլի խումբի բերդապահ Շոյրուլ Հուտա իր խմբակիցին` Ռամոն Ռոտրիկեզի հետ բախում ունենալէ ետք փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, սակայն այդտեղ մահացաւ:
Միջադէպը տեղի ունեցաւ Սեմեն Փականքիի դէմ Ինտոնեզիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումին, Ա. կիսախաղի վերջին վայրկեաններուն, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը:
38 տարեկան բերդապահը մահացաւ` գլխուն եւ վիզին լուրջ վնասուածքներուն պատճառով:
Այս մրցումին անոր կազմը 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:


