Մարլի Լա Վիլի եւ Վերսայի միջեւ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումը տեւեց միայն 28 վայրկեան, որովհետեւ անիկա կիսատ մնացած է:
Մարլի Լա Վիլի 28 տարեկան յետսապահը` Իտրիս, սիրտի կաթուած ունեցաւ, որմէ ետք մրցումը չշարունակուեցաւ:
«Լը Փարիզիեն» տեղեկացուց, որ ֆութպոլիստը ուղղաթիռով փոխադրեցին հիւանդանոց, բայց ան ցարդ գիտակցութեան չէ եկած:
Մրցումին կայացման նոր թուական մը պիտի ճշդուի յառաջիկայ օրերուն:


