«Կը զօրակցինք Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ փափաքին», յայտարարեց Լեհաստանի նախագահ Անժի Տոտա Թուրքիոյ նախագահին հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Վարշաւա այցելած է` ընդառաջելով Եւրոպական Միութեան անդամ Լեհաստանի պաշտօնական հրաւէրին: Այս առաջին այցելութիւնն է, որ Էրտողան կը կատարէ 2016-ի պետական հարուածի փորձէն ետք: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու ուժանիւթի հարցը եւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թղթածրարը:


