«Ներկայիս Թուրքիա կը հեռանայ Եւրոպայէն եւ կը դառնայ բռնապետական երկիր», յայտարարած է նոպելեան մրցանակակիր, հանրածանօթ թուրք մտաւորական, գրագէտ Օրհան Փամուք` Պերլինի մէջ իր նորագոյն գործին` «Կարմիր մազերով կինը» խորագրեալ վէպի շնորհահանդէսին ընթացքին:
Ըստ «Էրմենիհապէր» լրատուական կայքին, նշեալ վէպին գերմաներէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է Գերմանիոյ մէջ: Ըստ «Տէօչէ Վելէ» լրատուամիջոցի թրքական ծառայութեան, Փամուք Պերլին մեկնած է նշեալ վէպի շնորհահանդէսին առիթով:
1980-ական թուականներուն Պոլսոյ մէջ սիրային արկածախնդրութեան, խօսքի եւ միտքի ազատութեան ու յարակից հարցերու անդրադարձող նշեալ վէպի շնորհահանդէսին առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, թուրք գրագէտը ի միջի այլոց անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ այժմու իրավիճակին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն` դիտել տալով, որ Թուրքիոյ ապագան լաւ կ՛ըլլայ միայն այն պարագային, երբ Թուրքիա մշակութապէս առաւել եւս մերձենայ Եւրոպային: «Սակայն Թուրքիա ներկայիս կը հեռանայ Եւրոպայէն եւ կը դառնայ բռնապետական երկիր», ընդգծած է Փամուք:
«Երկիր», որ կը հաղորդէ լուրը, կը մէջբերէ վէպին մէջ նշուած Փամուքի հետեւեալ խօսքը. «Պոլիսը ինկած է Եւրոպայի մօտ գտնուող ջրհորի մը մէջ, ուր ջուր չկայ»:


