Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ճատրակի պատանեկան կրան փրիի երկրորդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Շանթ Սարգսեան եւ Արամ Յակոբեան յայտնուեցան լաւագոյն եռեակին մէջ:
11 հանգրուանէ բաղկացած մրցաշարքին, Սարգսեան 8,5 կէտով գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ Յակոբեան, ապահովելով 7,5 կէտ, եզրափակեց լաւագոյն եռեակը:
Մրցաշարքին յաղթականը եղաւ ուքրանացի Քիրիլ Շեւչենքօ, որ ապահովեց 10 կէտ:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Մամիկոն Ղարիբեան, 4,5 կէտով յայտնուեցաւ 7-րդ դիրքին վրայ:


