Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Արցախեան Հակամարտութեան Մասին Պրիւքսելի Բանաձեւը

October 17, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսել-Երեւան խոր եւ համապարփակ համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութեան յետհաշուարկը սկսած է: Ամիս մը ետք տեղի ունենալիք գագաթնաաժողովին, բոլոր նախադրեալները պատրաստ են, որ ստորագրութիւնը կայանայ:

Նկատելի շրջանառութիւն գտած էր այն մտավախութիւնը, որ Վիլնիւսի նման, մետասաներորդ պահուն տնտեսական եւ քաղաքական բաղադրիչներ ներառած փաստաթուղթի ստորագրութենէն հրաժարելու նման, այս մէկը եւս քաղաքական որոշ ճնշումներով չեղեալ նկատուի:

Նախադրեալները այդպէս չեն սակայն. առարկայական դիտարկում կատարելու փորձով պէտք է արձանագրել, որ Երեւանը չէր, որ նախկինի պարագային շեղում կատարած էր իր վարքագծային հետեւողականութենէն: Երեւանը սկիզբէն յայտարարած էր իր արտաքին բազմաշառաւիղային քաղաքականութիւնը, «Թէ՛, թէ՛»-ով յատկանշուած. Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան համար պատճառ հանդիսացած էր գործընթացի չեղեալ նկատուելուն. աւելի ուշ` առկախման եւ բանակցութիւններու վերսկսման:

Հիմա կան արտաքին երեւոյթներ, որոնք ստորագրութեան ապահովման կը միտին: Նախ փաստաթուղթի ամբողջական բնագիրի հրապարակումը կ՛օժանդակէ ստորագրութեան: Չմոռնանք, որ թէ՛ նախագահ Սարգսեան եւ թէ՛ նախարար Նալբանդեան յաջորդաբար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւ Եւրոպայի արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ժամանակ յայտարարեցին, որ Երեւանը պիտի ստորագրէ համաձայնագիրի փաստաթուղթը:

Մասնագիտական գնահատականները կը խօսին փաստաթուղթի առաւել եւս քաղաքական բաղադրիչ ունենալու մասին, քան առեւտրական` տրուած ըլլալով, որ Երեւանը որդեգրած է այս մարզին մէջ, Եւրասիական տնտեսական միութեան կանոնները: Բայց առեւտրական գետնի վրայ համագործակցութեան վերաբերող յօդուածներ եւս ներառուած են աւելի քան երեք հարիւր էջ հաշուող այս փաստաթուղթին մէջ:

Քաղաքական բաժինը առաւելաբար կը վերաբերի  փտածութեան դէմ պայքարին, փողերու լուացման դէմ պայքարին, արդարադատութեան համակարգի փոփոխութիւն, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ նման ոլորտներու:

Քաղաքական առումով կար նաեւ մտավախութիւն, որ արցախեան հակամարտութեան առնչութեամբ ոչ հայանպաստ նշումը կրնար տապալել համաձայնագիրին ուժի մէջ մտնելու պահը: Այստեղ եւս մտավախութիւնները փարատած են: Նախաբանին մէջ արցախեան հակամարտութեան վերաբերող բաժինը բանաձեւուած է հետեւեալ կերպով.

Մասնաւորապէս նշուած է, որ կ՛ընդունուի արցախեան հակամարտութեան խաղաղ եւ տեւական կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութեան կարեւորութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններու շրջանակներուն մէջ ըստ կարելւոյն շուտ կարգաւորման հասնելու անհրաժեշտութիւնը: Ընդգծուած է նաեւ այն, որ կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան եւ ԵԱՀԿ Հելսինքեան եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած նպատակներուն եւ սկզբունքներուն վրայ, մասնաւորաբար, ուժի սպառնալիքէն կամ գործադրումէն զերծ մնալու, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներու եւ ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ, հաշուի առնելով նաեւ կարգաւորման գործընթացին աջակցելու Եւրոպական Միութեան ուղղութեամբ  հաստատուած յանձնառութիւնը:

Համաեւրոպական մէկ կարեւոր այլ կառոյց Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը ո՛չ միայն պաշտօնանկ կ՛ընէր Պաքուէն կաշառուած նախկին նախագահը, այլ միաձայնութեամբ կ՛որդեգրէր լուացքատունը գործարկող Պաքուն դատապարտող երկու հիմնական բանաձեւեր:

Մարդու իրաւունքներու ոտնակոխումի փաստերով, լրագրողներ հալածելով, բռնաընտանեկան վարչակարգի ամրագրման փորձերով եւ լուացքատան շինարարութեամբ ու գործարկումով յատկանշուող Պաքուն դեռ լուրջ խնդիրներ կրնայ դիմագրաւել եւրոպական տարբեր կառոյցներու կողմէ: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ հայկական հարցերու, ընդ որում արցախեան հակամարտութեան ուղղութեամբ կրնան հնչել արցախահայութեան եւ եւրոպական հայեցակէտերը նկատի ունենալով Արցախի մէջ ապրող մարդու ինքնորոշման եւ  ապահովութեան ու իրաւունքները յարգող պաշտօնական դիրքորոշումներ:

«Ա.»

Նախորդը

Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումը` Ժընեւի Մէջ. Համաձայնութիւն` Շփման Գիծին Մէջ Լարուածութեան Կրճատման Համար Լրացուցիչ Քայլեր Ձեռնարկելու Վերաբերեալ

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան Քաղաքացիները Մարտ 2019-էն Սկսեալ Պիտի Չկարենան Մուտք Գործել Բրիտանիա

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.