ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու Զուիրցերիոյ մնայուն ներկայացուցիչի նստավայրին մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի մասնակցութեամբ:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ նաեւ նախագահներուն առանձնազրոյցը:
ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, թէ հանդիպումէն ետք յայտարարութիւն տարածած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի.
«Հանդիպումը Ժընեւի մէջ անցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ:
«Նախագահները պայմանաւորուած են միջոցներ ձեռնարկել աշխուժացնելու բանակցային հոլովոյթը եւ յաւելեալ քայլեր նախաձեռնել թուլացնելու լարուածութիւնը շփման գիծին մէջ:
«Համանախագահները գոհունակութիւն յայտնած են ուղղակի բանակցութիւններուն համար, որոնք տեղի ունեցան երկար դադարէ ետք: Համանախագահները կը մնան պատրաստ աշխատելու կողմերուն հետ` հասնելու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ, բանակցուած լուծման: Իբրեւ յաջորդ քայլ` համանախագահները յառաջիկային պիտի կազմակերպեն աշխատանքային խորհրդակցութիւններ նախարարներուն հետ»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով` հանդիպումը տեղի ունեցած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի մասնակցութեամբ:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի առանձնազրոյցը:
Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ բանակցային գործընթացի յառաջ մղման կարելիութիւնները: Բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք` նախագահները համաձայնած են միջոցներ ձեռնարկելու բանակցային գործընթացը աշխուժացնելու եւ յաւելեալ քայլեր կատարելու սահմանագիծին վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու նպատակով:
Ժընեւի մէջ` Զուիցերիոյ Համադաշնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան յարկին տակ, նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է նաեւ զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումին ընթացքին իր ներածական խօսքին մէջ նաեւ ներկայացուցած է Ազրպէյճանի նախագահին հետ բանակցութիւններուն արդիւնքները:
«Քանի մը վայրկեան առաջ Ազրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպումը աւարտեցաւ. որեւէ յստակ համաձայնութիւն, այսպէս ըսած, չունինք խնդիրի լուծման տարբերակներուն մասին: Բայց համաձայնած ենք, որ միջոցներ ձեռնարկենք լարուածութիւնը ալ աւելի մեղմացնելու, որպէսզի առաջնագիծին վրայ չունենանք զոհեր: Պէտք է ըսեմ` ե՛ւ Ազրպէյճանի նախագահը, ե՛ւ ես խորապէս շահագրգռուած ենք ատով:
Տայ Աստուած, որ միշտ այդպէս կարծէ: Ան ալ շատ լաւ կը հասկնայ խնդիրին բարդութիւնը, բնականաբար, ես ալ, բայց խնդիրը այնպիսին է, որ դիւրին լուծում երբեք պիտի չըլլայ: Սակայն, մէկ հարցով ալ կ՛ուզեմ, որ բոլորդ վստահ ըլլաք` մեզի համար չկայ լուծում, որ կրնայ որեւէ ձեւով խաթարել Ղարաբաղի անվտանգութիւնը: Մեզի համար միակ լուծումը այն է, որ Ղարաբաղը ըլլայ Ազրպէյճանէն դուրս: Երբեք ոեւէ հայ ղեկավար չի կրնար ընդունիլ այդպիսի որոշում եւ իրականացնել, եւ ատոր համար մենք ամէն ինչ պիտի ընենք` զուգահեռ զարգացնելով Հայաստանը, տնտեսապէս ամրապնդելով մեր երկիրը», ըսած է հանրապետութեան նախագահը:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Մերի Յարութիւնեան ֆէյսպուքի իր էջով տեղեկացուց, թէ «հանրապետութեան նախագահը Ժնեւի «Քուանթրան» միջազգային օդակայանին մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ, որ հասած էր Ժընեւ` այստեղէն Պրիւքսել մեկնելու նպատակով»:
Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան
Արձագանգը Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումին
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ 16 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումը կարեւոր նշանակութիւն ունի բանակցային հոլովոյթին աշխուժացման համար պայմաններու ստեղծման տեսանկիւնէն, որուն լուրջ վնաս հասցուած է ապրիլ 2016-ին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակումներուն արդիւնքով: Այս մասին նշուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած մեկնաբանութեան մէջ:
Համոզուած ենք, որ բանակցային հոլովոյթի յառաջ մղումին հիմքերէն մէկն է 1994 եւ 1995-ի համաձայնագիրներու անշեղ պահպանումը, ինչպէս նաեւ նախկինին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործումը, որոնք, մասնաւորապէս, կը վերաբերին դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրման եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի աշխատակազմի ընդլայնման ու դիտարկման կարողութիւններու յաւելման:
Կը կարծենք` ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին իրական յառաջընթաց ապահովելու ճամբուն վրայ եւս մէկ քայլ պէտք է դառնայ լիարժէք ձեւաչափով բանակցութիւններու վերականգնումը` անոր բոլոր փուլերուն Արցախի Հանրապետութեան անմիջական մասնակցութեամբ», նշուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ:
Բաբայեան. «Ազրպէյճանը Ուշ Կամ Կանուխ
Պիտի Փոխէ Իր Դիրքորոշումը»
Պաշտօնական Ստեփանակերտ կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի մակարդակով կազմակերպուած հանդիպումները: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեանը` անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ 16 հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին: «Ասիկա, փաստօրէն, ամէնէն բարձր մակարդակն է, որ թոյլ կու տայ քննարկել ամէնէն բարդ հարցերը, որոշումներ տալ, պահպանել այն բոլոր պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք կը բերուին: Ընդհանրապէս, աւանդութեան համաձայն, երկու մեծ խումբերու մէջ հարցեր կը քննարկուին այս հանդիպումներու ընթացքին. առաջինը` ընդհանուր լուծման վերաբերող խնդիրներն են` խաղաղ ճամբով լուծում, կայունութիւն եւ խաղաղութեան պահպանում, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի պահպանում, երկրորդը աւելի յստակ խնդիրներն են: Անոնք Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի համաձայնութիւններն են եւ այստեղ համապատասխան քայլերու իրականացումը: Վստահաբար, Պաքուն, ըստ ամենայնի, կը խոչընդոտէ այդ հոլովոյթը, բայց ասոնք այն հարցերն են, որոնք պէտք է ըլլան օրակարգի վրայ», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան` կարեւոր նկատելով նաեւ այն, որ նման հանդիպումներուն ներգրաւուած են գերտէրութիւնները` տուեալ պարագային եռանախագահող երկիրները, որոնք ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամներէն են:
Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի դիրքորոշման փոփոխման, Դաւիթ Բաբայեան նշեց, որ անոր համար շատ ժամանակ պէտք է: «Միջազգային հանրութեան յստակ դիրքորոշում ու քայլեր անհրաժեշտ են, սակայն կը կարծեմ` ուշ կամ կանուխ, ատիկա տեղի պիտի ունենայ», ընդգծեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերը եւ աւելցուց, որ այժմ առաջնահերթ կարեւորութիւն կը տրուի շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման:
Իշխանեան. «Հանդիպումէն Որեւէ
Ակնկալիք Չունէինք»
«Մինչեւ հանդիպիլն ալ գործնական առումով Սերժ Սարգսեան-Իլհամ Ալիեւ հանդիպումէն որեւէ ակնկալիք չունէինք», նախագահներու` Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը այս ձեւով բնորոշած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:
Այս հանդիպումը, ըստ Իշխանեանի, յստակ նպատակ ունի, որ բանակցային հոլովոյթը ինչ որ հիմքերու վրայ դրուի: Այդ հանդիպումին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եղած են նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:
«Ասիկա պիտի ըլլայ բանակցային հոլովոյթի սկիզբ, որ պէտք է ունենայ իր շարունակականութիւնը: Արցախը իբրեւ լիարժէք, լիիրաւ կողմ պէտք է ներգրաւուի բանակցային հոլովոյթին մէջ: Այլապէս, եթէ այդ հոլովոյթը տեղի չունենայ, մնացած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները առանց ղարաբաղեան կողմի որեւէ գործնական հետեւանքներ չեն կրնար ունենալ», ըսած է Դ. Իշխանեան:


