ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան` ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, երէկ այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն թղթածրարը եւ Պուրճ Համուտի ու Այնճարի քաղաքապետարաններուն վերաբերող խնդիրներ:
Երեսփոխան Բագրատունի Մաշնուքի հետ քննարկեց նաեւ լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու շրջանային իրադարձութիւնները:


