Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները,  ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք ողջունեց բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն որդեգրած միջոցները` ահաբեկչական որեւէ դէպքի հակազդելու եւ զայն հակակշռելու իմաստով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է իմանալ, թէ անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն հաւաքական գերեզմանները ո՛ւր կը գտնուին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ աւարտեց իրենց կեդրոնները կատարած իր այցելութիւնները, որոնք կը միտէին բացատրել ընտրական նոր օրէնքը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ հաստատեց, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան կարեւորութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ անիկա վերջ տուած է հաւանական զինեալ սադրանքներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ պետական ամավարկի վաւերացումը լիբանանեան պետութեան աշխատանքը ճիշդ հունի վրայ կը զետեղէ:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի առեւտրական պալատի նախագահ Թուֆիք Տապպուսի շեշտեց, որ Լիբանան կրնայ Սուրիոյ վերաշինութեան մարտկոցի դերակատարութիւնը ստանձնել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ պետական ամավարկի չգոյութիւնը Լիբանանը զետեղած է սահմանադրական խենթանոցի մը դիմաց, ինչպէս նաեւ բարձրացուցած է մսխումին եւ փտածութեան համեմատութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի ընդգծեց, որ համեստ դասակարգին վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու կարիք չկայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ պետական ամավարկին վաւերացման շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ամրապնդել լիբանանեան ներքին կայունութիւնը: Հաժժար ընդգծեց, որ պահանջուածը պատասխանատու կեցուածքներու որդեգրումն է: Ան ընդգծեց, որ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու համար Լիբանանը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն ազգային հայեացքները միասնականացնելու եւ «լիբանանեան պետութիւնը վերարտադրելու»:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Լիբանան այսօր կարիքը ունի կառավարութեան եւ կը պահանջուի պահպանել այդ կայունութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Սիտնիէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Լիբանանը դարձեալ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հոգատարութեան տակ զետեղելը կարմիր գիծ է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ջանքերը պիտի յաջողին Այն Թինէի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը վերսկսելու իմաստով:

 

Նախորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի Հայերու 4-րդ Համագումարը Տեղի Կ՛ունենայ 18 Եւ 19 Հոկտեմբերին

Յաջորդը

Բանակը Բացայայտեց Ականներու Պահեստանոց Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.