Մանչեսթըր Սիթի` Մեծագոյն Յաղթականը
Եուվենթուս Պարտուեցաւ. Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց
Նախորդ շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան շարք մը անակնկալներ:

Անգլիոյ մէջ, Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ սպասուած ճակատումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 63-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Ճես Լինիարտով:
Սակայն Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Սիթի, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ 7-2 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Սթոք Սիթիի դէմ, իր 54 հազար հանդիսատեսներուն ներկայութեան:
Չելսի կրեց յաջորդական իր երրորդ պարտութիւնը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Քրիսթալ Փալասի դաշտէն:
Իր դաշտէն դուրս` Ուաթֆորտի դաշտին վրայ պարտութիւն կրեց նաեւ Արսենալ` 2-1 արդիւնքով: Արսենալի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Փեր Մերթեսաքըր (39-րդ), մինչ հիւր կազմը իր յաղթանակի կոլը նշանակեց 92-րդ վայրկեանին:
Սպանիոյ մէջ, Ռէալ Մատրիտ իր դաշտէն դուրս դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Կեթաֆէի դէմ` 2-1 արդիւնքով:
Ֆրանսացի Զինետին Զիտանի գլխաւորած խումբը, որ իր դաշտէն դուրս արձանագրեց իր 13-րդ յաջորդական յաղթանակը, գերազանցեց Պարսելոնայի ձեռք ձգած մրցանիշը: Վերջինս 2010-2011 տարեշրջանին արձանագրած էր յաջորդական 12 յաղթանակ:
Այս մրցումին Ռէալի կոլերը նշանակեցին Քարիմ Պենզեմա (39-րդ) եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (85-րդ):
Յաջորդական եօթը յաղթանակ արձանագրած Պարսելոնայի յառաջխաղացքը եկաւ կասեցնելու Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Աթլեթիքօ առաջ անցաւ 21-րդ վայրկեանին, մինչ Պարսա հաւասարութեան իր կոլը նշանակեց 82-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Լուիս Սուարեզի:
Այժմ Պարսելոնա ունի 22 կէտ, մինչ Ռէալ Մատրիտ` 17:

Իտալիոյ մէջ, Նափոլի շարունակեց իր յաղթանակներու շքերթը: Ան արձանագրեց իր 8-րդ յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն 24 կէտը, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Ա. Էս. Ռոմայի դաշտէն:
Սակայն Եուվենթուս իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լացիօ Ռոմայէն: Տուկլաս Քոսթա նշանակեց Եուվենթուսի կոլը (23-րդ), մինչ Չիրօ Իմմորպիլ` Լացիօ Ռոմայի կոլերը (47-րդ եւ 54-րդ):
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Փաուլօ Սիլվիօ Մացոլենի, 8 վայրկեան երկարաձգեց մրցումը: 97-րդ վայրկեանին, Փաուլօ Տիպալա փենալթիով չկրցաւ նշանակել իր կազմին հաւասարութեան կոլը, երբ մրցակիցին բերդապահը եղաւ իր կազմին փրկարարը:
Այս մրցումին ներկայ էր աւելի քան 40 հազար հանդիսատես:
Գերմանիոյ մէջ, Պայէրն Միւնիխ բարձրացաւ 2-րդ դիրք եւ այժմ միայն երկու կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պորուսիա Տորթմունտէն, որ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Լայփցիկէն: Իւրաքանչիւր խումբէ մարզիկ մը կարմիր քարտ ստացաւ:
Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, նշանակեց Տորթմունտի երկու կոլերը (4-րդ եւ 64-րդ)` 80 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Միւս կողմէ, Պայէրն Միւնիխ 5-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց իր նոր մարզիչին` Եուփ Հայնքեսի հետ, իր հիւրին` Ֆրայպուրկին դէմ, 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Ռոպերթ Լեվանտովսքի նշանակեց Պայէրնի կոլերէն մէկը:
Վերջապէս, ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի, Փարիզ Սեն Ժերմեն ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը (25 կէտով) եւ ունեցաւ վեց կէտի առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` Մոնաքոյի վրայ, որ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիոնի դաշտին վրայ:
Տիժոնի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Թոմաս Մէօնիէ նշանակեց Սեն Ժերմենի երկու կոլերը (2-1)` 71-րդ եւ 93-րդ վայրկեաններուն:


