Օրուան Դէպքերուն Հետ
Երկու Հարուածով
Սուրիա մտահոգ է:
Իսրայէլ, մինչ մէկ կողմէ կը սպառնայ, միւս կողմէ կը յաւակնի ըսել, որ սուրիական մտահոգութիւնը անհիմն է:
Եգիպտոս պիտի ուզէր Սուէզի ջրանցքը վերաբանալ նաւարկութեան առջեւ: Բայց այդ ջրանցքը բոլոր գործածողները անտարբերութիւն կը ձեւացնեն: Նոյնիսկ` Մեծն Բրիտանիան, որուն կը վերագրուէր միջին լուծումի առաջարկ մը` ջրանցքին վերաբացման համար, ետ կը քաշուի:
Խորհրդային Միութիւնը բան չի կրնար ընել եւ կասկած կը մնայ սկզբունքային դիրքերու, որոնց շնորհիւ ինքզինք տակաւին ցոյց կու տայ միակ նեցուկը արաբական պետութիւններուն` առանց գործնապէս նպաստելու անելին վերացման:
Միացեալ Նահանգները յստակօրէն եւ յայտնապէս կը գտնուին այն վերաբերումին ետին, որուն վկայութիւնը կու տայ Սուէզի ջրանցքը գործածողներու անտարբերութիւնը, Իսրայէլը եւ իր դրացիները ձգել դէմ դիմաց, հասկցնել Դամասկոսին եւ Գահիրէին, որ ոչինչ ունին յուսալիք տէրութենէ մը, որուն հանդէպ միայն թշնամական զգացումներ արտայայտած են:
Բայց Ամմա՞նը: Բայց Հիւսէյն թագաւո՞րը:
Թագաւորը կը պատրաստէ Ուաշինկթըն իր ճամբորդութիւնը: Կը պատրաստէ շատ տարօրինակ կերպով: Մոսկուա այցելութեամբ մը, ապա` Ալճերիա այցելութեամբ մը: Այսպիսով, հաշիմական արքան կ՛ուզէ Ամերիկային ներկայանալ միաժամանակ «յառաջդիմական» եւ Արեւմուտքի բարեկամ արաբ խօսակիցը:
Ուաշինկթըն այս մասին յատկանշական լռութիւն մը կը պահէ:
Միացեալ Նահանգները պիտի տա՞ն Հիւսէյնին, ինչ որ կը մերժեն (հասկնալիօրէն) Դամասկոսին եւ Գահիրէին:
Վերջին հաշուով, անկարելի չէ: Բայց, առ այժմ, պտուղները հասունցած չեն:
Ուաշինկթընի աչքին, հասունացումը կ՛ուշանայ, Գահիրէի ու Դամասկոսի մէջ, ու յայտնապէս, Ամերիկա չ՛ուզեր աճապարել:
Թագաւորը բան պիտի չկորսնցնէ սպասելով:
Փորձութիւնը կ՛ունենանք տարօրինակ նկատելու խորհրդային դիրքը այս գործին մէջ: Բայց այդ դիրքը կը բացատրուի փութկոտութեան պակասով, որուն օրինակը կու տայ Ուաշինկթըն:
Ճատրակի դժուար խաղ մըն է այս: Ու բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, թէ Քրեմլին կարծէք որոշած է, որ խաղալու կարգը Ամերիկային է:
Քսան տարիէ ի վեր Մոսկուա կը գոհանայ հակառակորդին սխալներէն օգտուելով: Բայց մրցումը հասած է տեղ մը, որ խաղը խտացած է: Երկու հարուածով կարելի է echec եւ mat ընել: Առաւելագոյնը` երեք:
Եթէ Ճոնսըն չյաջողի, Քոսիկին շատ դժուարութիւն պիտի չունենայ մրցումը աւարտելու:
Այս պայմաններուն մէջ ՄԱԿ-ի մէջ պատահածները հանդիսականները զբաղցնելու կը ծառայեն միայն: Հաշտութեան տարազները, որոնք կրնան հոն գտնուիլ, եթէ երբեք գտնուին, արդիւնք կրնան տալ այն ատեն միայն, երբ քաղաքական փոփոխութիւնները տեղւոյն վրայ նախապէս իրագործուած ըլլան:
Որովհետեւ կարելի է ըսել, թէ արդարութիւն կ՛ուզեն հաստատել, այլ ուժերու նոր հաւասարակշռութիւն մը` աշխարհի մէջ:
ՌԸՆԷ ԱԺԻՈՒՐԻ
