Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին ազդանշանը կը տրուի վաղը` կիրակի, 15 հոկտեմբերին, երբ տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի երկու մրցումներ:
Անթունիէ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը, մինչ Սաժես «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ (Թրիփոլի) հիւրը կ՛ըլլայ Մութթահետի: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին:
Նշենք, որ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը ուղղակիօրէն պիտի սփռէ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունենալիք մրցումը:
Ա. հանգրուանի մնացեալ մրցումները տեղի կ՛ունենան երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրերը:


