Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժամանակակից Սպառազինութիւն Գնելու Նպատակով Ռուսիա Հայաստանին Կը Տրամադրէ 100 Միլիոն Տոլարի Նոր Վարկ

October 14, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիա Հայաստանին կը տրամադրէ 100 միլիոն տոլարի նոր վարկ` ժամանակակից սպառազինութիւն, զինուորական սարքեր ձեռք բերելու եւ մատակարարումները ֆինանսաւորելու համար, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ Հայաստանին պետական վարկ տրամադրելու համաձայնագիրի կնքումին  հարցը ընդգրկուած էր Հայաստանի կառավարութեան 12 հոկտեմբերի նիստի օրակարգին վրայ:

Այս օրակարգը նիստին չզեկուցուող հարցերուն շարքին էր:

Ըստ համաձայնագիրին, 100 միլիոն տոլարի չափով պետական վարկը պիտի տրամադրուի 20 տարուան ժամկէտով, որմէ 5-ը` արտօնեալ, տարեկան 3 տոկոս տոկոսադրոյքով:

Համաձայնագիրի դրոյթներուն հիման վրայ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ «Ռոսոպորոնեքսփորթ»-ի միջեւ պիտի ստորագրուին առանձին համաձայնագիրներ վերոնշեալ ժամանակակից սպառազինութիւնը եւ զինամթերքը Հայաստանին տրամադրելու կարգին, ժամկէտներուն, զինուորական այդ սարքերու կիրարկման վերաբերող տեղեկատուութեան տրամադրման պայմաններուն, կողմերու պարտաւորութիւններուն, անոնց նորոգման եւ արհեստագիտական սպասարկման պարտաւորութիւններու ձեռքբերման համար վճարումներուն եւ այլ հարցերու վերաբերեալ:

Նախագիծի հիմնաւորման համաձայն, համաձայնագիրի կնքումը կը համապատասխանէ Հայաստանի ռազմավարական շահերուն եւ անոր իրագործումը պիտի ծառայէ Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման նպատակներուն:

«Հետք»-ի հաղորդած տեղեկութեանց համաձայն, «Հայկական կողմը վարկը կրնայ օգտագործել 2018-2022  թուականներուն ընթացքին: Վարկը պիտի վճարուի 15 տարուան ընթացքին, իւրաքանչիւր տարուան մայիսի 15-ին եւ նոյեմբերի 15-ին: Վարկի առաջին վճարումը պիտի կատարուի 2023-ի մայիսի 15-ին: Վարկի տոկոսը կը հաշուարկուի տարեկան 3 տոկոս տոկոսադրոյքով»:

Նշենք, որ Ռուսիոյ կառավարութեան հետ 26 յունիս 2015-ին ստորագրուած էր սպառազինութիւն ձեռք բերելու համար 200 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիր մը, որ այժմ կը գործէ:

 

Նախորդը

Ռոյս Եւ Շիֆ Կը Զօրակցին Հայաստանի Մէջ Գիտական Նիւթերու Ուսուցման Համար 100 Միլիոն Տոլար Ապահովելու Ջանքերուն

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներուն Հանդիպումը Նախատեսուած Է 16 Հոկտեմբերին

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.