Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախաձեռնութեամբ` 16 հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումը: