Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ խորհրդարանին կողմէ տուրքերու օրէնքին վաւերացումը` աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու եւ պետական գանձարկղին նիւթական շահեր ապահովելու նպատակով, չի նշանակեր, որ կառավարութիւնը փտածութեան դէմ իր պայքարը պիտի չշարունակէ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց պլոքի նիստին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած էր, թէ երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան նկատմամբ իր յանձնառութենէն մղուելով, պլոքը կարեւոր կը նկատէ պետական ամավարկի վաւերացումը:
Ֆատլալլա հաստատեց, որ պլոքին երեսփոխանները հանրային կարծիքն ու պատկան մարմինները տեղեակ պիտի պահեն մսխումներուն եւ արձանագրուած փտածութեան մասին` բոլորէն պահանջելով պատասխանատուութիւն ստանձնել:
Պլոքին հաղորդագրութիւնը եզրափակուեցաւ` շեշտելով ահաբեկչութեան դէմ Դիմադրութեան ռազմավարութեան յաղթանակը եւ ընդգծելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պիտի շարունակուի:


