Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Մէջ Իր Թղթակիցը Բանտարկելու Որոշումը

October 13, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան հեղինակաւոր յայտնի «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը խմբագրականով մը խստիւ քննադատած է Թուրքիոյ մէջ իր թղթակիցը` Այլա Ալպայրաքը բանտարկելու թրքական ատեանին որոշումը:

«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իրաւացի՛ է, երբ կը բողոքէ անմեղ մարդիկ սպաննող եւ կառավարութիւնը տապալել փորձող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ: Սակայն, երբ թուրք իրաւապահ մարմինները կ՛որոշեն անմեղ լրագրողներ մեղադրել ահաբեկչութեան հետ կապ ունենալու յանցանքով, այն ատեն անոնք անգամ մը եւս կը վերահաստատեն, որ Էրտողան Թուրքիան դարձուցած է բռնապետական երկիր մը», գրած է թերթը` անհիմն նկատելով լրագրողին դէմ ամբաստանութիւնը:

Նշենք, որ Ալպայրաք թրքական դատարանի մը կողմէ 2 տարուան եւ 1 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած էր` «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու» ամբաստանութեամբ:

Այժմ Նիւ Եորք գտնուող լրագրողը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի վճիռը բողոքարկելու վճռաբեկ դատարանին մէջ: Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Ականատես ըլլալով Թուրքիոյ մէջ այժմ տիրող մթնոլորտին` այս վճիռը պէտք է, որ զիս բոլորովին չզարմացնէր, բայց այնուամենայնիւ անակնկալի՛ եկայ»:

Թրքական դատարանին որոշումը քննադատած է նաեւ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի գլխաւոր խմբագիր Ճերըրտ Պէյքըր` նշելով. «Ասիկա անկողմնակալ եւ անկախ լրագրողի մը նկատմամբ անարդար եւ անպատեհ պատիժ է»:

Նշենք, որ Ալպայրաք թուրք իրաւապահ մարմիններուն կողմէ հետապնդումի թիրախ դարձած է այն օրէն ի վեր (19 օգոստոս 2015), երբ հրապարակուեցաւ անոր հեղինակած «Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջանին մէջ քաղաքացիական պատերազմը կը թէժանայ» խորագրեալ յօդուածը:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Տակաւին Իրանի Հետ Կնքուած Համաձայնագիրին Առնչուած Քայլերու Վերաբերեալ Որոշում Չէ Տուած

Յաջորդը

Մոսկուա. «Վրաստանի Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Համագործակցութեան Խորացումը Շրջանային Անվտանգութեան Սպառնալիք Է»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.