Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մատրիտի Իշխանութիւնները Անկախութեան Մասին Քաթալոնիոյ Ղեկավարի Յայտարարութիւնը Կը Նկատեն Անընդունելի

October 12, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մատրիտի իշխանութիւնները Քաթալոնիոյ անկախութեան շուրջ մարզի կառավարութեան ղեկավար Քարլես Փուչտեմոնի յայտարարութիւնը կը նկատեն բացարձակապէս անընդունելի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»:

Կառավարութիւնը յիշեցուցած է, թէ հանրաքուէին վերաբերեալ օրինագիծը, որուն հիմամբ Փուչտեմոն կատարած է յայտարարութիւնը, ապօրինի է, իսկ անոր գործողութիւնները կասեցուած են երկրի Սահմանադրական դատարանին կողմէ:

«Պի.Պի.Սի.» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ փոխվարչապետ Մորայա Սայնզ տէ Սանթամարիա մերժած է Փուչտեմոնի միջազգային միջնորդութեամբ բանակցութիւններու առաջարկը: «Ո՛չ պարոն Փուչտեմոնը, ո՛չ ալ ոեւէ ուրիշ անձ կրնայ… միջնորդութիւն պարտադրել», ըսած է ան:

«Այսքան հեռու երթալէ եւ Քաթալոնիան անոր պատմութեան մէջ բարձրագոյն լարուածութեան մակարդակի մատնելէ ետք, նախագահ Փուչտեմոն այժմ իր ինքնավար մարզը ենթարկած է անորոշութեան մեծագոյն մակարդակի: Նախագահի ճառը… ճառն է անձի մը. որ չի գիտեր ո՛ւր է եւ ո՛ւր կ՛երթայ, ո՛չ ալ որո՛ւ հետ կ՛ուզէ այդտեղ երթալ»:

Սպանիոյ արդարադատութեան նախարար Ռաֆայէլ Քաթալա վերահաստատեց Սպանիոյ կառավարութեան դիրքորոշումը, որ հանրաքուէն ապօրինի է, իսկ անոր արդիւնքը` անվաւեր:

Նշենք, որ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալֆոնսօ Տասթիս երէկ յայտարարեց. «Չենք կրնար Քաթալոնիոյ հանրաքուէն ընդունիլ, որովհետեւ երկրին ներկայ սահմանադրութիւնը չ՛արտօներ ատիկա»:

Յիշեցնենք, որ Քաթալոնիոյ ղեկավարը երեքշաբթի օր շրջանի խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած էր. «Միջազգային պետութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` Քաթալոնիան ճանչնալու իբրեւ անկախ ու գերիշխան պետութիւն»:

Ան նշեց, որ ժողովուրդին կամքը Մատրիտէն անջատուիլն է, սակայն աւելցուց, որ կ՛ուզէ այս հարցին շուրջ լարուածութիւնը մեղմացնել:

«Կ՛առաջարկեմ առկախել անկախութեան յայտարարութեան արդիւնքները` յառաջիկայ շաբաթներուն ձեռնարկելու բանակցութիւններու, առանց որոնց կարելի չէ հասնիլ համաձայնեցուած լուծումի», ըսաւ ան:

Խօսքի աւարտին ան եւ Քաթալան այլ ղեկավարներ ստորագրեցին անկախութեան հռչակագիրը:

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ն Հաստատեց Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Քննադատող Բանաձեւերը

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Խիստ Մտահոգ Են Թուրքիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակով»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.