Սքանտինաւեան երկիրներէն Իսլանտա, 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ գրաւելով Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը, բնականաբար ապահովեց Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
Ան իր այս իրագործումին շնորհիւ յաջողեցաւ մոնտիալներու պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատել բնակչութեան թիւին իմաստով` նկատի ունենալով, որ անիկա այսպիսով կոտրեց նախկին մրցանիշը, որ կը պատկանէր Թրինիտատ եւ Թոպակոյի (1,3 միլիոն բնակիչ):
Իսլանտայի բնակչութեան թիւը շուրջ 330 հազար հոգի է:


