Երկրին մէջ օրինականութեան վիճակը կ՛որոշուի ո՛չ միայն յանցագործութիւններու քանակով, այլեւ զանոնք իրաւասու մարմիններուն կողմէ բացայայտելու կարողութեամբ, յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` նախանցեալ օր ելոյթ ունենալով Քննչական կոմիտէի անձնակազմի հանդիսաւոր նիստին ընթացքին:
«Հանրութիւնը պէտք է վստահ ըլլայ, որ Հայաստանի մէջ անօրինականութեան եւ անկարգութեան որեւէ դրսեւորում արագ պիտի բացայայտուի եւ օրէնքի ամբողջ ուժով անխուսափելիօրէն պատժուի», ըսած է նախագահը:
Յիշեցնելով ամիսներ առաջ իր կատարած յայտարարութիւնը, որ իրաւական համակարգի յենասիւներէն մէկը դատախազութիւնն է` առանձնայատուկ իր կարգավիճակով, ան համոզմունք յայտնած է, որ «միւս յենասիւնը ոչ պակաս իւրայատկութիւն ունեցող քննչական մարմիններն են»: «Անոնց դերակատարութիւնը պետական համակարգին մէջ առարկայականօրէն կը մեծնայ: Պատահական չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ առաջին անգամ ըլլալով ամրագրուեցան քննչական մարմիններու գործառոյթներուն վերաբերող յստակ դրոյթներ», նշած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Կը կարծեմ, որ քննչական մարմինի գործունէութեան յաջողութեան գրաւականը դատավարական ինքնուրոյնութիւն ունեցող քննիչն է` այդ կարգավիճակէն բխող բոլոր իրաւական պարտականութիւններով: Ինքնուրոյնութիւնը չափազանց կարեւոր երաշխիք է ո՛չ միայն քննիչին, այլեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը յայտնուին անոր իրականացուցած գործելադաշտին մէջ», ընդգծած է նախագահը:
Հանդիսաւոր նիստին` նուիրուած Քննչական կոմիտէի ծառայողի օրուան եւ կառոյցի կազմաւորման երրորդ տարեդարձին, անձնակազմի անդամներէն բացի նիստին մասնակցած են նաեւ կոմիտէի տարածքային եւ կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Հանրապետութեան նախագահը Քննչական կոմիտէի խումբ մը աշխատակիցներ պարգեւատրած է պետական բարձր պարգեւներով, խրախուսած շնորհակալագիրով:


