Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Մարուան Ֆելլայնի, որ Պոսնիոյ դէմ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցումին վիրաւորուեցաւ, քանի մը շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
29 տարեկան Ֆելլայնի շատ հաւանաբար բացակայի հոկտեմբերին կատարուելիք «Փրեմիեր լիկ»-ի բոլոր մրցումներէն:



