Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Համաձայնեցանք Հարցերուն Նկատմամբ Իրապաշտ Մօտեցում Ցուցաբերել»

October 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իշխանութեան երկու պետերուն հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ հարցերուն նկատմամբ իրապաշտ մօտեցում ցուցաբերելու շուրջ:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանը ամէն իմաստով ամրապնդելը պէտք է ըլլայ առաջնահերթ եւ ամէն բանէ վեր:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հանդիպումին մասին իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Պըրրի, Հարիրի եւ Ժոմպլաթ քննարկած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` ընդգծելով երկրին ապահովական կայունութիւնը հաստատելու իմաստով ջանքեր ի գործ դնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին հաստատութիւնները աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելի լաւ ծառայելու համար երկրին եւ քաղաքացիներուն:

Այս շրջագիծին մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ կուսակցութեան յարաբերութիւնը հզօր արմատներու վրայ հիմնուած է` աւելցնելով, որ Քլեմանսոյի հանդիպումը ոչ ոքի դէմ ուղղուած է:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ Քլեմանսոյի հանդիպումը մաս կը կազմէ երկրին քաղաքական կայունութիւնը պահպանելու ճիգերուն եւ ոչ ոքի դէմ ուղղուած է:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ ընդգծեց, որ իր կարծիքով` Քլեմանսոյի հանդիպումը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դէմ չէ ուղղուած: Ան նշեց, որ երկրին քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյացած որեւէ համաձայնութիւն կը դրսեւորուի Լիբանանի կայունութեան հզօրացումով:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Պիտի Այցելէ Միացեալ Նահանգներ

Յաջորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Ճշդուած Թուականին Եւ Ընտրական Նոր Օրէնքին Հիման Վրայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.