Ֆրանսա պիտի չճանչնայ Քաթալոնիան, եթէ շրջանը միակողմանի կերպով անկախութիւն հռչակէ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Ֆրանսայի եւրոպական հարցերով նախարար Նաթալի Լուազօ:
«Եթէ Քաթալոնիան անկախութիւն հռչակէ, ատիկա պիտի ըլլայ միակողմանի, եւ ատիկա պիտի չճանչցուի», «Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Լուազօ:
«Քաթալոնիոյ ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ անկախութեան շարժումին կողմէ կազմակերպուած քուէարկութեամբ», ըսած է ֆրանսացի նախարարը:
Լուազոյի համաձայն, այդ ճգնաժամը պէտք է լուծել սպանական քաղաքականութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ երկխօսութեան միջոցով:
«Այդ ձեւով միակողմանի կերպով անկախութեան հռչակումէն ետք անկախութիւնը ճանչնալու արագ որոշումը պիտի նշանակէր, թէ Ֆրանսա կը փախչի իր պարտականութիւններէն», աւելցուցած է Լուազօ:
Նախարարին համաձայն, եթէ անկախութիւնը ճանչցուէր, ինչ որ չի քննարկուիր, առաջին հետեւանքը պիտի ըլլար այն, որ Քաթալոնիան ինքնաբերաբար դուրս պիտի գար Եւրոպական Միութենէն:



