Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտը Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանին Մէջ

October 10, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան  վարժարանի շրջափակին մէջ հնչեց վերամուտի առաջին զանգը, որմէ ետք աշակերտները ստացան Ս. հաղորդութիւն:

Ապա աշակերտները համախմբուեցան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահ` վայելելու վերամուտի առիթով պատրաստուած յատուկ տօնախմբութիւնը: Աշակերտութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց 10-րդ դասարանէն Նարօտ Գառնէշեանը, որ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը կը հաւատայ, որ իր գոյատեւման մեծագոյն կռուաններէն է հայ դպրոցը` կրթական իր առաքելութեամբ եւ ինքնութիւն պահող իր արժէքներով. ուստի, հակառակ ամէն տեսակ մարտահրաւէրներուն` հայ ժողովուրդը կը ձգտի իր ուրոյն տեղը գրաւել ո՛չ միայն սփիւռքի տարածքին, այլ նաեւ հայրենիքի յաղթական երթին մէջ` դէպի հզօր ապագայ»:

Ապա վարժարանին երգչախումբը, խմբավարութեամբ Նայիրի Հապէշեանին, ներկայացուց «Հայաստան» և «Զարթօնք» երգերը:

Վերամուտին առիթով գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` ներկայ եւ շրջանաւարտ աշակերտներու մասնակցութեամբ: Նաեւ նախորդ տարեշրջանի 9-րդ եւ 12-րդ դասարանի պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրած աշակերտները գնահատուեցան: Աշակերտներէն Պետիկ Հերկելեանը, որ մասնակցութիւնը բերած էր «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարին, Արցախի մէջ, պատմեց իր փորձառութեան ու տպաւորութիւններուն մասին` յոյս յայտնելով, որ հետագային վարժարանէն աւելի մեծ թիւով աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս ճամբարին եւ կ՛ապրին ռազմական ու զինուորական տարբեր փորձառութիւններ:

Վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան վերամուտի տօնական ու անոր զուգահեռ ոգեշունչ առիթներուն մասին խօսելով` ըսաւ, որ վերամուտը յանձնառութեան տակ կը դնէ աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները միասնաբար, շեշտելով, որ սրտի տրոփումներուն նմանող դպրոցական զանգերը կոչուած են գիտութեան ու լոյսի շրջագայութիւնը անխափան պահելու կրթական մեր ամրոցին մէջ:

Անոր համաձայն, կրթական մշակները իրենց առաքելութեան մէջ ծափահարութիւններ չեն ակնկալեր, սակայն արդար ակնկալութիւնը ունին իրենց դերի արժեւորման, գործակիցներ գտնելու, շեշտելով, որ խանդավառութեան մէջ պէտք չէ մոռնալ դժուարութիւնները, մարտահրաւէրները, ուստի պէտք է միշտ զգաստ ըլլալ:

Արմէն Թաշճեան հրաւիրեց բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու վարժարանի մեծանուն բարերարներէն` նախկին տնօրէն ու հոգեւոր հովիւ,   Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիգեանին յիշատակը:  «Ինչ որ հաւատաւոր համոզում է, կրնանք անվարան բարձրաձայնել, որ վերջին 15-ամեակի վարժարանի ճակատին փայլող երեք բարի ժպիտները` Ճոն Վարդանի, տէր Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիգեանի և Գէորգ Հայկ Արապեանի, ե՛ն ու կը մնա՛ն մնայուն ներշնչարան մեր քայլերթին: Ներշնչարա՛ն, տիպարի եւ վսեմ աշխատանքի», յայտնեց ան:

Խօսքը աւարտելով` ան ըսաւ.  «Բոլորին հաւատաւոր յանձնառութիւնն ու հաւաքական պատասխանատուութիւնն է, որ վառ պահէ անոնց ժպիտները, ուղեկից պահէ զանոնք մեր քայլերթին»:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ 2016-2017 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսէն հատուածի մը ցուցադրութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Մեսրոպեան Մանկապարտէզը Կրթական Տարեշրջանը Կը Սկսի Ծառայութեան Վերանորոգ Շունչով

Յաջորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի (2017-2018) Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.