Համաշխարհային ծովածաւալ շուկաներուն գիրկը, ուր մրցակցիլը գրեթէ անհնար կը թուի, ինչպէ՞ս կարելի է ոսկեղէն մը կամ որեւէ արտադրութիւն գրաւիչ դարձնել, որպէսզի անիկա հմայէ գնորդը:
Այս մարտահրաւէրին պատասխանը եղաւ Պուրճ Համուտի ոսկերչական նմուշներու ցուցադրութիւնը` Վիչենզաօրոյի տարեկան ցուցահանդէսին, 23-27 սեպտեմբեր 2017-ին, Իտալիոյ մէջ:
Համաշխարհային բարձր համբաւ վայելող ցուցադրութեան այս կեդրոնը, ուր կը ցանկան հասնիլ հռչակաւոր մակնիշներ ներկայացնող ընկերութիւններ, եւ ուր ներկայ էին 80-է աւելի հաստատութիւններ, այս տարի տեղ տուաւ Պուրճ Համուտի ոսկերչական շուկայէն 2 ոսկերիչներու` Ռոժէ Եսայեանի (ձեւաւորող) եւ Գրիգոր Աստարճեանի ստեղծագործութիւններուն:
Երեք տարուան անխոնջ աշխատանքէն ետք, այս մարզը ներկայացնող խմբակը յաջողեցաւ իր տեղը գտնել աշխարհի ոսկերչական հսկաներուն կողքին եւ ապացուցել հայուն ստեղծագործական մտքին եւ անոր ձեռքերուն հմտութիւնը: Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ճարտարարուեստի զարգացման կազմակերպութեան (ԵՈՒՆԻՏՕ) եւ «Պատկեր»-ին ջանքերով ու զօրակցութեամբ, ոսկերչական մարզը մէջտեղ բերաւ «Պուքրա» հաւաքածոն` Սի. Սի. Այ. (Creative Cluster Initiative) ծրագիրի ծիրին մէջ: Բարձրորակ արհեստագիտութեամբ եւ բծախնդրութեամբ աշխատուած, գրաւիչ եւ նուրբ ճաշակի 40 կտորներէ կազմուած այս հաւաքածոյին նմուշները իրենց բազմաթիւ ուղղութիւններով, ոսկեայ ցպիկներով եւ գունաւոր ու փայլուն քարերով կը խորհրդանշեն Պուրճ Համուտի աշխուժ ու կենսունակ փողոցները եւ անոր բազմերանգ ժողովուրդը:
«Պուքրա» հաւաքածոն իւրայատուկ է, որովհետեւ ան կը պատմէ հին ժողովուրդի մը ոսկերչութեան արհեստին հետ ունեցած իր կապը, արհեստ մը, որ զարգացած էր Վանի վարպետներուն շնորհիւ, փայլեցուցած Պոլսոյ շուկաները եւ հասած` Պուրճ Համուտ, ճոխացնելով այս քաղաքը: Ան գրաւիչ է այցելուներուն համար, որովհետեւ այս հաւաքածոյին ետեւ կանգնած են` Պուրճ Համուտի բնակիչները, վարպետները, անոնց ձիրքերն ու կարողութիւնները արտացոլող պատմութիւնները:
«Պատկեր»-ի պատուէրով նկարահանուած չորսուկէս վայրկեան տեւողութեամբ կարճ տեսահոլովակը` «Այս է «Պուքրա» հաւաքածոն, այս է վաղուան Պուրճ Համուտը» կը բացատրէ այս հաւաքածոյին իմաստը, նպատակը եւ անոր գրաւչութեան գաղտնիքը: Տեսահոլովակին մէջ լայն տեղ կը գրաւեն քաղաքին բաղկացուցիչ մշակութային ժառանգութեան արժէքները, ինչպէս` արհեստներուն սերունդէ սերունդ փոխանցման աւանդը:
Աշխարհահռչակ ոսկերչական շուկային` Վիչենզաօրոյի մէջ ցուցադրուելէ եւ Լիբանան վերադառնալէ ետք, այս շքեղ ոսկեղէններուն գիները մատչելի պիտի մնան ոսկեղէնը եւ գեղեցկութիւնը սիրողներուն, ինչպէս նաեւ` իրենց խնայողութիւնները ոսկիի վերածողներուն:



