Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ այցելեց Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ապսի պատրիարքը ընդգծեց Լիբանանը կազմող ընկերային բոլոր շերտերուն միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` երկրին ընկերային եւ քաղաքական կեանքը բարելաւելու եւ բարգաւաճեցնելու նպատակով:
Իր կարգին, Սարրաֆ ներկայացուց Լիբանանի վերաբերող քաղաքական եւ ապահովական վերջին զարգացումները եւ Լիբանանը պաշտպանելու հեռանկարները:
Միւս կողմէ, Սարրաֆ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրավիճակը:
Սարրաֆ ընդունեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Նեպիլ Նիքոլան եւ Ապպաս Հաշեմը, որոնց հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջաններու կարիքները:
Սարրաֆի այցելուներէն եղաւ նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ:


