Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Միշել Պալտենզա մտահոգութիւն յայտնեց, որ իր երկրի դաշնակիցները մեծապէս հետաքրքրուած են ռուսական «Էս-400» հակաօդային հրթիռներու համակարգերուն գնումով:
Մեկնաբանելով Սէուտական Արաբիոյ` «Էս-400»-ներ գնելու համար Ռուսիոյ հետ գոյացուցած համաձայնութիւնը, Փենթակոնի բանբերը ըսաւ. «Մտահոգ ենք մեր դաշնակիցներէն ոմանց կողմէ «Էս-400» համակարգերու գնումին առնչութեամբ, որովհետեւ բազմիցս շեշտեցինք, որ դաշնակիցները պէտք է ունենան այնպիսի համակարգեր, որոնք դիւրին կ՛աշխատին Միացեալ Նահանգներու եւ շրջանին մէջ այլ երկիրներու ունեցած համակարգերուն հետ:
Ռուսիոյ «Ռոսօպորոնէքսփորթ» ընկերութիւնը եւ Սէուտական Արաբիոյ ռազմական արդիւնաբերութեան ընկերութիւնը Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած ռուս-սէուտական վեհաժողովի աւարտին ստորագրած էին շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին Սէուտական Արաբիոյ մէջ զինուորական սարքերու արտադրման, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի «Քալաշնիքով Էյ.-103» տիպի գնդացիրի եւ փամփուշտներու արտօնագրուած արտադրութեան կազմակերպման պայմաններուն մասին:
Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը 4 հոկտեմբերին պետական այցելութեամբ մեկնած էր Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ան երէկ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Նշենք, որ «Էս-400» համակարգերու գնումին համար Ռուսիոյ հետ համաձայնագիր կնքած ու կանխավճար կատարած էր նաեւ Թուրքիա:



