Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Ազգայնական Կուսակցութեան Շարքերը Կը Շարունակեն Նօսրանալ

October 7, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամները կը շարունակեն լքել քաղաքական այդ ուժին շարքերը` միանալու Մերալ Աքշեների կողմէ հիմնուելիք նոր կուսակցութեան: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:

Թուրքիոյ Այտըն նահանգէն կուսակցութեան շարքերը լքած է 460 մարդ, իսկ Մանիսայէն` 203: Կուսակցութենէն հեռացող անդամներուն շարքին են նաեւ նախկին երեսփոխաններ:

«Մենք այլեւս տեղ չունինք այս կուսակցութեան մէջ: Այսուետեւ կը նախընտրենք ըլլալ Մերալ Աքշեների կողքին», ըսած է նախկին երեսփոխան Ռեճեփ Թաներ:

Նախապէս կուսակցութենէն հեռանալու դէպքեր արձանագրուած էին Թուրքիոյ այլ նահանգներու մէջ եւս:

Մերալ Աքշեներ նախապէս վարած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնները: Կ՛ակնկալուի, որ անոր կուսակցութիւնը պաշտօնապէս արձանագրուի հոկտեմբերի կէսերուն: Կը նշուի, որ կուսակցութեան անունը պիտի ըլլայ Կեդրոնական ժողովրդավարական կուսակցութիւն:

Նորաստեղծ կուսակցութեան շարքերուն մէջ պիտի ըլլան Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն հեռացած այն գործիչները, որոնք դէմ են կուսակցութեան վերջին շրջանի քաղաքականութեան. Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը վերջին շրջանին դաշինք կազմած է Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ:

Թուրքիոյ մէջ կը քննարկուի այն հարցը, որ 2019-ին նախագահական ընտրութիւններուն մէջ Աքշեներ պիտի ըլլայ Էրտողանի հիմնական հակառակորդը: Ուշագրաւ է, որ ան պիտի ըլլայ առաջին կին քաղաքական գործիչը, որ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան:

 

Նախորդը

ՄԱԿ. «2016-ին Աշխարհի Վրայ Տագնապներու Պատճառով Զոհուած Կամ Վիրաւորուած Է 8 Հազար Երեխայ»

Յաջորդը

«Իրաքեան Քիւրտիստանի Անկախութեան Դէմ Արտայայտուած Երկիրները Պէտք Է Պահպանեն Իրենց Դիրքորոշումը Նաեւ Հանրաքուէէն Ետք» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.