Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միայն Ժողովրդավար Թուրքիան Կրնայ Կապ Ունենալ Հայաստանի Հետ», Կարօ Փայլան Յայտնեց Երեւանի Պետական Համալսարանի Ուսանողներուն

October 7, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հանդիպեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:

«Հայաստանի մէջ երիտասարդները տեսնելով` ես սկսայ այլ կերպ մտածել Հայաստանի ապագայի մասին», շեշտեց Կարօ Փայլան: «Շատ ուրախ եմ, որ Հայաստան կը գտնուիմ եւ յատկապէս Երեւանի պետական համալսարանի մէջ ձեզի հետ կը հանդիպիմ: Իբրեւ պատգամաւոր, առաջին անգամն է, որ Հայաստան կը գտնուիմ եւ ուրախ եմ, որ այս անգամ աւելի ուժեղ Հայաստան կը տեսնեմ: Թուրքիոյ մէջ դժբախտաբար պայմանները աւելի վատ են եւ ամէն օր աւելի կը վատանան»:

Փայլան նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանը 25 տարի է` փակ է, եւ այդպէս ալ պիտի շարունակուի, որովհետեւ Թուրքիան տակաւին կը ղեկավարեն ազգայնականները: Ան ընդգծեց, որ սահմանադրական փոփոխութենէ ետք Էրտողանը բռնատէր դարձաւ եւ դաշինք կնքեց Ազգայնական կուսակցութեան հետ: «Հիմա ալ Թուրքիան ազգայնականութեան ճանապարհին է: Մեր կուսակցութիւնը իր թեկնածուն պիտի ունենայ 2019 թուականին, որպէսզի այս ճամբան չշարունակուի եւ վերջանայ», նշեց Կարօ Փայլան, ապա շեշտեց, որ միայն ժողովրդավար Թուրքիան կրնայ կապ ունենալ Հայաստանի հետ:

«Հայերը Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւն են: Ընդամէնը 60 հազար հայ կայ Թուրքիոյ մէջ: Ի հարկէ մահմետականացուած հայեր կան, բայց մշակոյթը կը փոխէ ամէն ինչ: Միջոց պէտք է գտնենք, որ նորէն արդարութեան եւ խաղաղութեան մէջ միասնաբար ապրինք` հայ, թուրք, քիւրտ: Ես կը հասկնամ, որ այս մէկը դեռ երազ է, եւ այդքան ալ մօտ ապագային կարելի չէ իրականացնել», յայտնեց Փայլան:

Անդրադառնալով մայրենի լեզուի իր իմացութեան`  ան նշեց, որ իր տատիկները գերազանց կը տիրապետէին հայերէնին, սակայն ծնողները` ոչ այդքան, իսկ ինքը հայերէնի առաջին տառերուն ծանօթացած է մանկապարտէզի մէջ:

Հաղորդենք, որ ուսանողներուն հարցումներուն պատասխանելէ ետք Կարօ Փայլան Երեւանի պետական համալսարանի կողմէ պարգեւատրուեցաւ ոսկիէ մետալով եւ Շմաւոն Շմաւոնեանի «Արարատ» ալպոմով: «Շնորհակալ եմ եւ` հպարտ», հաստատեց Կարօ Փայլան:

Նախորդը

Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ժիրայր Ռէյիսեան Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յաջորդը

Ուղղափառ Ու Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եւ Սուրբ Գիրքի Միացեալ Ընկերութեան Հանդիպում

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.