
2018-ի մոնտիալի աւարտականներուն տոմս մը ապահովելու համար, երէկ Ասիոյ գօտիին մէջ Սուրիա եւ Աւստրալիա Սինկափուրի մէջ մրցեցան իրարու դէմ` փլէյ-օֆի (Դ. հանգրուան) երթին ծիրին մէջ:
Ա. կիսախաղին Աւստրալիա առաջ անցաւ 1-0 արդիւնքով` շնորհիւ Ռոպի Քրուզի նշանակած կոլին (40-րդ):
Սակայն 85-րդ վայրկեանին Օմար Սոմա նշանակեց Սուրիոյ հաւասարութեան կոլը` փենալթիով:
Սուրիոյ կազմէն 80-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Մարտիկ Մարտիկեան, որ փոխարինեց Օմար Խըրպինին:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 10 հոկտեմբերին` Աւստրալիոյ մէջ:
Եթէ պատահի, որ մրցումը աւարտի 0-0 արդիւնքով, ատիկա պիտի ըլլայ ի վնաս Սուրիոյ, որ դուրս պիտի մնայ մոնտիալէն:


