Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, կը հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի 19-րդ ախոյեանութիւնը:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութիւնը կու գայ տեղեկացնելու, թէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող այս ախոյեանութեան պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 8 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի մեծ թիւով ներկայ գտնուիլ բացման այս հանդիսութեան եւ իրենց խումբին կողքին ըլլալ, նախքան ախոյեանութեան ազդանշանը տրուիլը:



