Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բրիտանիա Կը Մերժէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Բնակեցումը Լիբանանի Մէջ» Ընդգծեց Շորթըր

October 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ Բրիտանիա կարեւոր նուաճումներ իրագործեց` աւելցնելով, որ Լոնտոն տակաւին բազմաթիւ ծրագիրներ կը հետապնդէ Լիբանանի մէջ:

Շորթըր յայտնեց, որ Բրիտանիա օժանդակած է Լիբանանին` դիմագրաւելու համար Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքները, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնած է անոր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղած պայքարին մէջ:

«Բրիտանիա միշտ ներդրումներ կը կատարէ Լիբանանի մէջ: Ան օժանդակած է Լիբանանին իր հողերուն վրայ գտնուող մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներուն հետ վարուելու իմաստով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Բրիտանիա կը մերժէ տեղահանուածներուն բնակեցումը Լիբանանի մէջ:

«Լոնտոն համամիտ է սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին, պայմանով որ Սուրիոյ մէջ անոնց ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորուի` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին աւարտով, որովհետեւ անոնց տեղահանուած ըլլալու իսկական պատճառը Ասատի վարչակարգին գոյութիւնն է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան ընթացքին լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակին` Շորթըր ըսաւ, թէ բանակը արժանի է այդ յաղթանակին, որ իրականացաւ անոր զինուորներուն հերոսութեամբ:

Այս շրջագիծին մէջ ան յայտնեց, որ Բրիտանիա իր կարգին օժանդակած է բանակին` անոր յատկացնելով զինուորական օժանդակութիւն, զէնք, զինամթերք, ինչպէս նաեւ մարզումներ:

Շորթըր հաստատեց, որ Բրիտանիոյ յաջորդ ներդրումը 11 հազար լիբանանցի զինուորի մարզումներու ենթարկումն է մինչեւ 2019: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են, հիմնուած` փոխադարձ գործակցութեան վրայ: «Մենք կը զինենք լիբանանեան բանակը եւ յատուկ մարզումներ կը տրամադրենք զինուորներուն ու սպաներուն, եւ մեր կարգին կը բաժնենք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելու Լիբանանի փորձառութիւնը», հաստատեց ան:

Շորթըր յայտնեց, թէ Լոնտոնի համար կարեւոր է, որ Լիբանան պահպանէ իր ժողովրդավարական վարչակարգին առողջութիւնը: «Այս դիտանկիւնէն մեկնելով Բրիտանիա անհրաժեշտ կը նկատէ, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները ներկայացնեն լիբանանցի ժողովուրդը եւ անոր շահերը` առանց շրջակայ երկիրներու ճնշումներուն ենթարկուելու: Հետեւաբար Լիբանան յանձնառու պէտք է մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումին», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Մուսթաքպալ Պլոք. «Հըզպալլա Պէտք Է Գիտնայ, Որ Այն Ինչով Որ Կը Պարծենայ, Լիբանանցիներու Շահերուն Շրջանցում Է»

Յաջորդը

Հարիրի. «Ենթակառոյցներուն Վերաբերող Ներդրումներու Ծրագիրին Շնորհիւ Տնտեսական Աճ Կրնայ Արձանագրուիլ»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.